Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք պիտի ջանայ խորհրդարանի գումարելիք օրէնսդրական նիստին օրինականութեան հսկել:
Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ այդ նիստին օրինականութիւնը կ՛ենթադրէ, որ բոլոր համայնքները մասնակցին որոշումին` աւելցնելով, որ այս պարագային խորհրդարանի օրինաթիւը ապահովուած է, սակայն հարցը քրիստոնեայ մեծ պլոքներու մասնակցութիւնն է: «Իսկ այդ պլոքներուն շարքին են Ազգային ազատ հոսանքի, Լիբանանեան ուժերու, Փաղանգաւորներու եւ Մարատա հոսանքի պլոքները», ըսաւ ան:
Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ եթէ այդ պլոքները խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին չմասնակցին, ապա նիստը պիտի չգումարուի:
Նշենք, որ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուանը, որուն հետ քննարկեց չորեքշաբթի, 5 նոյեմբերին տեղի ունենալիք խորհրդարանի օրէնսդրական լիագումարին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Նիքոլա Ֆաթթուշ: Քննարկուեցան խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու մասին հարցեր:


