«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական «ԱՔՀապեր» կայքը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քրտաբնակ Ուրֆա նահանգին մէջ յարձակում կատարուած է Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշի, ներքին գործոց եւ գիւղատնտեսութեան նախարարներ Էֆքան Ալայի եւ Մեհտի Էքերի դէմ:
Անյայտ անձերու խումբ մը քարեր նետած է կառավարական պատուիրակութեան վրայ, որ Ուրֆա կ՛այցելէր` ծանօթանալու համար պայմաններուն դրացի սուրիական Արաբ Բունար քաղաքէն տեղահանուածներուն, որոնց թիւը նահանգին մէջ աւելի է քան 150 հազարէ: Փոխվարչապետն ու նախարարները չեն վիրաւորուած:
Կ՛ենթադրուի, որ յարձակումը կազմակերպած են տեղւոյն քիւրտերը, որոնք դժգոհ են այն բանէն, որ Թուրքիա կը հրաժարի զինուորական օգնութիւն ցուցաբերել Արաբ Բունարը ՏԱՀԵՇ-ի բռնագրաւումէն փրկելու համար ամերիկեան ղեկավարութեամբ միջազգային դաշինքին:


