Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 30, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՇՈՒՐԱՅԻ տօնին առիթով վարչապետ Թամմամ Սալամ յայտարարեց, որ պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան երեքշաբթի, 4 նոյեմբեր 2014-ին:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ պետական հաստատութիւններու պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերը ապահովուած են եւ ճշդուած թուականին պիտի վճարուին:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ Պերլինի խորհրդաժողովին ընթացքին ստացած են խոստում մը, որ Լիբանան վեց միլիոն տոլարի օժանդակութիւն պիտի ստանայ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ իրանեան նուիրատուութիւնը կը ծառայէ Լիբանանի շահերուն` աւելցնելով, որ այդ նուիրատուութիւնը մերժողը լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն գործած կ՛ըլլայ:

«ԷՆ. ՏԻ. ԵՈՒ.» համալսարանին մէջ երէկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետեւորդ ուսանողներուն միջեւ բախում մը արձանագրուեցաւ: Բախումը, որուն դրդապատճառը ուսանողական խորհուրդի ընտրութիւններն էին, պատճառեց վիրաւորներ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յոյս յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ վերջնական լուծման կարելի ըլլայ յանգիլ` կոչ ուղղելով բանակին պաշտպանելու քաղաքայինները:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինին թիթեղը նուազած է 700 լ. ոսկիով, իսկ կարմիր մազութին թիթեղը` 400 լ. ոսկիով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն կարիքները կարելի եղածին չափ շուտ կարելի ըլլայ ապահովել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ Թրիփոլիի ճակատամարտը ձախողեցուցած է ահաբեկչական ցանցերուն նպատակը, սակայն պատերազմը տակաւին չէ աւարտած:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան հիմնադիրներէն, ներկայիս Լիբանանեան ուժերու նախկին անդամներու խորհուրդի նախագահ Էլի Ասուատ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի պատերազմը զինուորական նշանակութիւն ունի, ինչպէս նաեւ զինուորական գետնի վրայ Լիբանանի համար բարիքներ ունի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը քաղաքական դրդապատճառներ ունի եւ ոչ թէ ապահովական, ինչ որ շատ վատ է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին այլընտրանքը սահմանադրական հաստատութիւններուն մէջ ստեղծուելիք անիշխանութիւնն է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը կը պահանջէ նախագահական ընտրութիւն կատարել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ գործադրուած ապահովական միջոցառումներով եւ զինուորական գործողութիւններով հանդերձ ինք ապահով չի զգար, որովհետեւ այդ բախումներուն յանցագործ հեղինակները անհետացած են եւ այդ մէկը կը նշանակէ, թէ այդ հարցը պիտի կրկնուի եւ ոչ մէկ լուծումի յանգած է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ իրենք տակաւին յստակ որոշում չեն տուած խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումի որոշումը բողոքարկելու իմաստով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքի անդամ Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները կրնան ուղղակի չըլլալ, սակայն անոնք առկայ են:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ բանակը կը կազմէ Լիբանանի ազգային միասնականութեան ողնաշարը:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ հրատարակուող «Խալիժ» օրաթերթը կը գրէ, թէ Լիբանան հասած էր ահաբեկչութեան անդունդը իյնալու սեմին եւ պիտի վերածուէր երկրորդ Իրաքի եւ Սուրիոյ, սակայն լիբանանեան բանակը զայն փրկեց հսկայ փորձանքէ մը:

ՍԱՅՏԱՅԻ միւֆթի շէյխ Մահեր Համմուտ յայտնեց, որ Թրիփոլիի Հարուն մզկիթի իմամ, շէյխ Խալետ Հապլաս Ահմետ Ասիրի կրկնօրինակն է` աւելցնելով, որ Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդին կեցուածքները կը ծառայեն ահաբեկիչներուն շահերուն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով զինուորական աղբիւրներէ, կը գրէ, որ լիբանանեան բանակը քանդած է ահաբեկիչներուն ծրագիրը եւ անոնց կառոյցին լուրջ վնասներ հասցուցած:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլին շեշտած է ահաբեկչութեան դիմադրելու բանակին պատրաստուածութիւնը` ամբողջ Լիբանանի տարածքին:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, հիւսիսային Լիբանանի մէջ պատահածը ահաբեկչութեան դէմ մղուող պատերազմին ճակատամարտներէն մէկն է:

 

 

Նախորդը

Եգիպտոս Կազայի Հետ Սահմանին Վրայ Ապահովական Գօտի Պիտի Ստեղծէ

Յաջորդը

Սլէյման Ցաւ Յայտնեց Հանրապետութեան Նախագահ Մը Չընտրելու Առումով

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.