Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիւսիսէն Մինչեւ Հարաւ Բանակը Շարունակեց Ահաբեկչութեան Դէմ Պատերազմը Եւ Ձերբակալեց Մեծ Թիւով Ահաբեկիչներ Եւ Յանցագործներ

October 29, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1028_army-in-tripoli-n-lebanon4Սկսեալ հիւսիսային Լիբանանէն հասնելով մինչեւ հարաւային շրջաններ բանակը մնաց կազմ ու պատրաստ եւ շարունակեց ահաբեկչութեան դէմ մղած իր պատերազմը` ձերբակալելով մեծ թիւով ահաբեկիչներ եւ յանցագործներ:

Ահաբեկիչներուն թաքստոցները ներխուժելու եւ զանոնք հալածելու բանակին արշաւը շարունակուեցաւ Թրիփոլիի, Պհանինի, Ասունի, Մընիէի, Տըննիէի, Ույուն Սամաքի, Աքքարի, Աքրումի եւ Նապի Եուշահի մէջ:

Այդ հետապնդումներուն իբրեւ արդիւնք բանակը կրցաւ ձերբակալել 33 ահաբեկիչներ եւ յանցագործներ:

Սայտայի մէջ բանակը կատարեց մեծ թիւով ձերբակալումներ:

Այս առումով բանակը Պրամիէի մէջ ներխուժեց Սայտայի ահաբեկչական բջիջի անդամ Շահին Սլէյմանի (ծանօթ` Ապու Հատիտ ծածկանունով) բնակարանը, որ դատարկ էր: Վստահելի աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ապու Հատիտ մաս կը կազմէ շէյխ Ահմետ Ասիրի գլխաւորած ահաբեկչական բջիջին, որ մտադրած էր նախանցեալ երեկոյեան թիրախ դարձնել Սայտայի Ֆաթիմա Զահրա համալիրը եւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան կեդրոնը:

1028_army-in-tripoli-n-lebanon9Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ Սայտայի մէջ գործուելիք ահաբեկչական այդ ծրագիրին ձախողութիւնը բանակին համար նուաճում մը կը նկատուի:

Ապահովական աղբիւրներ հաստատեցին, որ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը պիտի շարունակուի, իսկ անոր իսկական փաստը բանակին որդեգրած ապահովական քայլերն են:

Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը հիւսիսային Լիբանանի մէջ շարունակեց գործադրել ապահովական իր ծրագիրը, հակառակ անոր որ ահաբեկիչներ Շատի Մաուլաուիի, Ուսամա Մանսուրի եւ Խալետ Հապլասի ճակատագիրները մնացին անորոշ եւ անոնք անհետացան Թրիփոլիէն:

Բանակը Ույուն Սամաքի եւ Աքքարի բարձունքներուն վրայ նշմարեց զինեալներ եւ հետապնդեց ու ձերբակալեց զանոնք:

Մինչ բանակը զբաղած էր ապահովական իր միջոցառումներով, Պապ Թըպպանէի բնակիչները սկսան վերադառնալ իրենց բնակարանները. անոնք հաստատեցին, որ իրենք կը վստահին բանակին եւ թէ բանակը կրցած է վերահաստատել իրենց շրջաններուն ապահովական կայունութիւնը:

Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հողին յանձնեց Թրիփոլիի ճակատամարտին ընթացքին նահատակուած երկու սպաներ Ժիհատ Հապըրը եւ Նատիմ Սըմաանը:

Նախորդը

Պըրրի – Աուն Հանդիպում

Յաջորդը

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը Սեւծովեան Ժողովին

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.