Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահելէ Ետք Ապահովական Նիստի Մը` Վարչապետ Սալամ Մեկնեցաւ Գերմանիա

October 28, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ապահովական նիստէն պահ մը
Ապահովական նիստէն պահ մը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց ապահովական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաա,  բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն Էտմոն Ֆատել եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախագահ գնդապետ-զօրավար Իմատ Օսման:

Նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով բանակային եւ քաղաքային նահատակներուն յիշատակը, ապա զօր. Քահուաժի ներկայացուց Թրիփոլիի մէջ տիրող իրավիճակը եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ ահաբեկիչներուն դէմ բանակին սանձազերծած զինուորական գործողութիւններուն մանրամասնութիւնները:

Նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ շեշտեց բանակին կողմէ ահաբեկիչներուն դիմադրութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ օրինազանցներուն կատարած խախտումներուն պէտք է չափ ու սահման ճշդել, ի՛նչ խմբաւորումի որ ալ անոնք պատկանին:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ ինք կը մերժէ Թրիփոլին ձգել կարգ մը կասկածելիներու ունեցած հրէշային ծրագիրներուն դէմ յանդիման:

Վարչապետ Սալամ վերահաստատեց նաեւ, որ կառավարութիւնը կը զօրակցի բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն, որոնք կը պայքարին ահաբեկչութեան դէմ եւ որոնց նպատակն է Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ վերահաստատել ապահովական կայունութիւնը:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ Վերաշինութեան գերագոյն խորհուրդը պիտի ջանայ անմիջապէս հատուցել հիւսիսային Լիբանանի բնակչութիւնը, որպէսզի անոնք կարենան վերանորոգել իրենց կառոյցները եւ դարմանել իրենց կրած վնասները:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ երէկ կէսօրին միօրեայ այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Գերմանիա` ներկայ գտնուելու համար Լիբանանի օժանդակութեան միջազգային խմբակին ժողովին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի Լիբանան ժամանած սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը:

Պերլին մեկնումի պահուն վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ ահաբեկչութեան եւ ահաբեկիչներու հարցին արմատական լուծում մը պիտի տրուի:

Պերլինի մէջ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ գերմանացի իր պաշտօնակիցին` Անկելա Մերքելի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Սալամ յայտնեց, որ լիբանանցիները կը զօրակցին իրենց բանակին եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ միասնական են: Վարչապետ Սալամ նշեց, որ Մերքել զօրակցութիւն յայտնած է Լիբանանին եւ պիտի օժանդակէ անոր` տեղահանուած սուրիացիներուն հարցով:

Իր կարգին, Մերքել յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այսօրուան ամէնէն լուրջ խնդիրը սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարն է. ան աւելցուց, որ Սուրիոյ տագնապը իր հետեւանքները կ՛ունենայ Լիբանանի վրայ:

Կը նախատեսուէր, որ Սալամ հանդիպում մը ունենար նաեւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայերի հետ:

 

Նախորդը

Զօր. Փորթոլանօ. «Կը Զօրակցինք Բանակին Կարողութիւնները Բարելաւելու Լիբանանի Կառավարութեան Ջանքերուն»

Յաջորդը

Խորհրդարանի Նախագահը Ընդունեց Դեսպան Հէյլը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.