Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրիփոլիի Մէջ Սկսած Բախումները Հասան Պհանին, Ուր Բանակը Սպաննեց Ու Ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի Եւ Ժապհաթ Նուսրայի Հետեւորդ Ահաբեկիչները Եւ Գրաւեց Ականուած Ինքնաշարժներ, Զէնք Եւ Զինամթերք

October 27, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1026_army_in_tripoli16Ուրբաթ երեկոյեան Թրիփոլիի մէջ բանակին եւ ահաբեկիչներու միջեւ ծայր տուած զինեալ բախումները շարունակուեցան ամբողջ շաբաթավերջին` բանակին եւ զինեալ ուժերուն շարքերէն խլելով բազմաթիւ նահատակներ ու զոհեր:

Թրիփոլիի եւ անկէ 12 քիլոմեթր անդին Պհանինի մէջ կեդրոնացած ահաբեկիչները, որոնք կը սպասէին Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի իրենց ղեկավարութիւններուն` յայտարարելու համար իսլամական էմիրութիւնը, անակնկալի մատնուեցան լիբանանեան բանակին բանեցուցած ուժին դիմաց եւ զարհուրեցան անոր երկաթեայ բազուկին հասցուցած հարուածներէն ու սկսան տեղի տալ:

Տեղի տալու իրականութիւնը ոչ միայն յստակ դարձաւ զինեալներուն կրած վնասներէն, այլեւ` երեւան ելաւ քաղաքական կարգ մը ուժերու ղեկավարներուն բանակին նկատմամբ զօրակցական յայտարարութիւններուն ընդմէջէն:

Ասիկա դարձեալ անակնկալ էր լիբանանցի քաղաքացիին եւ հանրային կարծիքին համար` նկատի ունենալով, որ նշեալ պատասխանատուները մնայուն կերպով զօրակցած էին զինեալներուն, որոնք նախորդ հանգրուանին, այլ խօսքով` Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ արձանագրուած զինեալ բախումներուն ընթացքին ստանձնած էին բախումները առաջնորդող ճակատներուն ղեկավարութիւնը:

Պհանինի մէջ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսան արձանագրուիլ բախումներ, որոնց զուգահեռ բանակը հետապնդեց զինեալները, որոնք հանդէս եկան իբրեւ շէյխ Խալետ Հապլասի հետեւորդներ:

1026_army_in_tripoli9Բախումները ընթացան գնդացիրներով եւ նռնականետերով` զինեալներուն շարքերուն մէջ պատճառելով մեծ թիւով զոհեր:

Կէսօրէ ետք զինեալները թիրախ դարձուցին բանակին պատկանող երկու զրահապատները, որոնք կը գտնուէին

Պհանին-Տուհուր Մհամմարա ճամբուն վրայ: Զինեալներուն կողմէ բանակին դէմ լարուած ծուղակի մը պատճառով նահատակուեցան չորս բանակայիններ, որոնցմէ երկուքը` սպաներ:

Բանակի նահատակներն են` Ժիհատ Հապըր, Նատիմ Սըմաան, Իպրահիմ Սալհապ եւ Նատիմ Սամման:

Ի տես այս զարգացումներուն, բանակը յաւելեալ ուժեր դիրքաւորեց այդ շրջանին մէջ, դիմելով Աքքարի եւ Մընիէի մէջ իր զօրամասերուն: Այս շրջագիծին մէջ, բանակը փակեց նաեւ Ապտէի միջազգգային ճամբան եւ հալածեց զինեալները, որոնք ուղղուեցան Հարուն մզկիթին եւ անոր կից գտնուող Սալամ դպրոցին ու Շարք համալսարանին ուղղութեամբ:

1026_kravvadzԲանակը կէսօրէ առաջ արդէն իսկ հակակշիռի տակ առաւ Սալամ դպրոցն ու Հարուն մզկիթը, որուն շրջակայքէն կրցաւ գրաւել երեք ականուած ինքնաշարժներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով ականուած գօտիներ, աւելի քան 50 ականներ, հրթիռներ, զէնքեր, գնդացիրներ, նռնականետեր, ձեռնառումբեր եւ զինամթերք:

Բանակը աւելի ուշ Պհանինի բնակիչներէն պահանջեց դատարկել շրջանը` պահպանելու համար իրենց անվտանգութիւնը:

Նկատի ունենալով Թրիփոլիի մէջ տիրող ապակայունութիւնը, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտարարեց, որ Թրիփոլիի եւ Մընիէի բոլոր դպրոցները փակ պիտի պահեն իրենց դռները` աւելցնելով, որ Թրիփոլիի մէջ գտնուող ապահով դպրոցները բաց պիտի ըլլան իրենց բնակարաններէն տեղահանուած հազարաւոր քաղաքայիններուն համար:

1026_army_in_tripoli28Գիշերուան ժամը 10:00-ին, բանակը ամրապնդեց Սայտայի իր դիրքերը, յատկապէս Այն Հելուէ գաղթակայանին մուտքին իր անցարգելներն ու հսկողութիւնը:

Նշենք, որ բանակը Տահր Պայտարի իր անցարգելին վրայ ձերբակալեց սուրիացի քաղաքացի Ահմետ Մոհամետ Շեհապը, որ մեղսակցած է լիբանանցի բանակայինները առեւանգելու գործողութեան:

Իսկ գիշերուան ժամը 11:00-ին, բանակը կրցաւ ետ մղել ներխուժում մը, որ պիտի կատարուէր Արսալի Ուատի Հմայտ եւ Հոսըն բարձունքի կեդրոններուն միջեւ շրջանէ մը:

Կէս գիշերին, բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը կրցաւ ազատ արձակել բանակային Թաննուս Նաամէն, որ նախանցեալ օր Պապ Թըպպանէի մէջ առեւանգուած էր:

Իսլամ Կրօնաւորներու Խորհուրդ

Մինչ Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը յայտարարեց, թէ իր բանակցութիւններուն ընդմէջէն հասած է բանակին հետ  զինադադարի մը կարելիութեան, բանակի հրամանատարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը հաստատեց, որ ինք զինադադարի վիճակին մէջ չի գտնուիր, այլ պարզապէս առիթ կ՛ընծայէ, որ վիրաւոր եւ շրջափակուած քաղաքայինները ապահով դուրս բերուին բախումներուն վայրերէն:

Բանակի հրամանատարութիւնը հաստատեց, որ ինք մտադրած է արմատական վերջ մը դնել զինեալ երեւոյթներուն եւ մտադրած չէ կասեցնել իր գործողութիւնը:

Բանակին մղած բուռն մարտերը պատճառ դարձան, որ զինեալ խմբաւորումներու ղեկավար, ահաբեկիչ Շատի Մաուլաուի անձնատուր ըլլալու ոճով ձայնային արձանագրութիւն մը կատարէ, որուն մէջ ան հաստատեց, որ Թրիփոլիի կրօնաւորներն ու շէյխերը լքած են զիրենք, յատկապէս շէյխ Խալետ Հապլասը, որ սիւննիական յեղափոխութիւն յայտարարեց, սակայն վերջաւորութեան լքեց զիրենք:

Միւս կողմէ, բանակը Սուրիա պողոտայէն մինչեւ Զահիրիէ իր հակակշիռին տակ առաւ, հակառակ անոր որ Թըպպանէի մէջ գտնուող զինեալներ փորձեցին բանակին դէմ յարձակումներ եւ արձակազինութիւն կատարել, սակայն բանակը իր գնդակոծումներով ինքզինք պարտադրեց` առիթ տալով, որ Պապ Թըպպանէի մէջ շրջափակուած քաղաքայիններ Ժապալ Մըհսենի ճամբով դուրս գան եւ ուղղուին աւելի ապահով վայրեր:

Միւս կողմէ, Զահիրիէի մէջ զինեալներ առեւանգեցին լիբանանցի բանակային Խալետ Ամմուրին, որ կը գտնուէր իր բնակարանին մէջ: Զինեալները պահանջեցին բանակէն կասեցնել զինուորական իր գործողութիւնները` անոր փոխարէն խոստանալով ազատ արձակել Ամմուրին:

Բանակը Հրաժեշտ Կու Տայ
Նահատակներու Նոր Փաղանգի Մը

Բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրաժեշտ տուաւ նահատակներու նոր փաղանգի մը, որոնք զոհուեցան ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին ընթացքին:

Ժողովուրդին պաշտպանութեան նպատակով իրենց անձը զոհաբերած բանակայինները հողին յանձնուեցան իբրեւ հերոսներ:

Հարիւրապետ Ֆիրաս Հաքիմ հողին յանձնուեցաւ բազմամարդ թաղման արարողութեան մը ընթացքին` Մըշըրֆէ գիւղաքաղաքին մէջ:

Բանակի նահատակներէն եղան նաեւ Պաալպեքի Ռամ գիւղաքաղաքէն Մոհամետ Ալի Նուն, Աքքարի բանակայիններէն Ահմետ Ասաատ, Նապաաթիէ շրջանի կամաւորներէն` Մոհամետ Ալի Եասին, Թրիփոլիի բանակայիններէն Ժաաֆար Ասաատ եւ Պաալպեքի Շամասթար գիւղաքաղաքի բանակայիններէն Ապպաս Իպրահիմ:

 

Առեւանգուած Բանակայինները`
Վտանգի Ենթակայ

Նկատի ունենալով հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաքին մէջ գտնուող ահաբեկիչներուն դէմ բանակին արձանագրած յաղթանակները` Ժապհաթ Նուսրա սպառնաց երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին սպաննել առեւանգուած բանակային Ալի Պզալը:

Սակայն այդ որոշումը չգործադրուեցաւ` ընդառաջելով Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդին պահանջին:

Բայց եւ այնպէս, երէկ գիշեր ժամը 10:30-ին, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հրապարակեց առեւանգուած բանակայիններուն վերաբերող լուսանկար մը, ինչպէս նաեւ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ հետեւեալը. «Նկատի ունենալով, որ բանակը չդադրեցուց սիւննի համայնքին դէմ շղթայազերծած իր սպանութիւնները, ապա երկուշաբթի, 27 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 5:00-ին, պիտի գլխատենք Ալի Պզալը: Որոշած ենք նաեւ գլխատուելու թեկնածու յաջորդ բանակայինը նկատել Ժորժ Խուրին»:

 

Մուքպել Կ՛այցելէ Բանակի Հրամանատարին,
Իսկ Վարչապետ Սալամ Անկէ Կը Խնդրէ
Ապահովել Շրջափակուած Քաղաքայինները

1026_kahwaji_mokbelՓոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Մուքպել եւ զօր. Քահուաժի ուղղուեցան պաշտպանութեան նախարարութեան զինուորական գործողութիւններու յատուկ գրասենեակը, ուր անոնք հետեւեցան Թրիփոլիի մէջ ընթացող զինուորական գործողութիւններուն եւ բանակին արձանագրած նուաճումներուն:

Մուքպել դրուատեց բանակին իրագործումները եւ քաղաքայիններուն անվտանգութեան հսկելու անոր յանձնառութիւնը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Թամմամ Սալամ զօր. Քահուաժիէն խնդրեց զինեալ բախումներուն վայրին մօտակայքը շրջափակուած եւ վիրաւորուած քաղաքայինները ապահով կերպով դուրս բերել:

Զօր. Քահուաժի անմիջապէս ընդառաջեց վարչապետին խնդրանքին:

Վարչապետ Սալամ ցաւակցութիւն յայտնեց զօր. Քահուաժիին` բանակայիններուն նահատակութեան առիթով, հաստատելով, որ լիբանանեան քաղաքական իշխանութիւնները կը զօրակցին բանակին, որ հիւսիսային Լիբանանի եւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին պիտի հաստատէ ապահովական կայունութիւնը:

Վարչապետ Սալամ ողջունեց Թրիփոլիի, Մընիէի, Տըննիէի եւ հիւսիսային Լիբանանի բոլոր բնակիչները, որոնք կը հանդուրժեն այս կացութեան, որ կ՛ընդգրկէ իսլամական կրօնին հետ կապ չունեցող սեւ ծրագիրներ:

Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը պիտի չթերանայ Թրիփոլին հատուցելու իր պարտականութեան մէջ` բանակին կողմէ ահաբեկչութեան վերջ դրուելէն ետք:

Հակազդեցութեան Ալիք

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ  հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ ինք ոչ մէկ կապ ունի ձերբակալուած ահաբեկիչ Ահմետ Սելիմ Միքաթիի հետ` աւելցնելով, որ ինք Շատի Մաուլաուին ազատ չէ արձակած, այլ` դատական իշխանութիւնները:

Ան նշեց, որ «պետութեան դէմ զէնք բարձրացնողին ոչ մէկ ձեւով կը զօրակցիմ»:

Միքաթի երկու պատգամ փոխանցեց իր քաղաքին` Թրիփոլիի. առաջինը ահաբեկիչներուն` անոնց հրահանգելով վերջ տալ սիւննի համայնքին անունով սպանութիւններ գործելու արարքներուն, իսկ երկրորդը` բանակին, որուն կոչ ուղղեց իր առաքելութիւնը իմաստուն եւ արդար կերպով կատարելու:

Միքաթի շեշտեց, որ Թրիփոլի ահաբեկչութիւնը ընդգրկող քաղաք չի կրնար ըլլալ:

Թրիփոլիի հեղինակութիւններուն եւ երեսփոխաններուն անունով երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա յայտնեց, որ թէեւ իրենք կը մերժեն բանակը յարձակումի թիրախ դարձնելու փորձերը, սակայն միաժամանակ կը զգուշացնեն բանակը չափազանց ուժ գործադրելէ:

Քապպարա յայտնեց, որ Թրիփոլի պետութեան հրահանգէն չէ շեղած եւ կը պահանջէ ապահովական ծրագիրը խաղաղ կերպով բանեցնել` հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաքին մէջ:

Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի կոչ ուղղեց ապահով ելք մը տրամադրելու` զինեալ բախումներու վայրերուն մէջ գտնուող երեխաներն ու վիրաւորները դուրս բերելու նպատակով:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց կառավարութեան եւ բանակին` Թրիփոլիի մէջ ապահովութիւնը վերահաստատելու իմաստով:

Հարիրի պահանջեց Թրիփոլիի մէջ գործադրել մշակուած ապահովական ծրագիրը:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Սիտնիի մէջ նախագահած իր պատարագին ընթացքին արտասանեց քարոզ մը, որուն մէջ հաստատեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն իր ամբողջական զօրակցութիւնը:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ անդրադառնալով հիւսիսային Լիբանանի իրադարձութիւններուն շեշտեց, որ ժամանակը հասած է արդէն վերջ տալու լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւններուն եւ Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ Թրիփոլիի դէպքերը ցոյց տուած են, թէ բանակը կրնայ Լիբանանը պաշտպանել, երբ կարիքը զգացուի` աւելցնելով, որ Թրիփոլին փաստած է, թէ ինք ահաբեկչութիւնը հիւրընկալող միջավայր մը չէ:

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան դատապարտեց Թրիփոլիի մէջ լիբանանեան բանակը թիրախ դարձնելու փորձերը` հաստատելով, որ բանակին վրայ պէտք չէ վախնալ, որովհետեւ ան այս կռիւէն յաղթական դուրս պիտի գայ:

Նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ բանակին զօրակցելու խոստումներուն կողքին կը պահանջեն նաեւ այդ ուղղութեամբ գործեր վկայել:

Նախկին երեսփոխան Ղաթթաս Խուրի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը հիւսիսային Լիբանանի մէջ սկսած իր զինուորական գործողութիւնը յաղթական կերպով պիտի աւարտէ` իրականացնելով Լիբանանի եւ Թրիփոլիի շահերը:

 

 

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Հիւսիսային Լիբանանի Իրադարձութիւնները Մաս Կը Կազմեն Շրջանին Զարգացումներուն»

Յաջորդը

Ոչ Իշխանական Եռեակի Հանրահաւաք. Իշխանափոխութեան Միասնական Ճամբու Քարտես Չներկայացուեցաւ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.