Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Պէտք Է Անյպէս Ընել, Որ Ժողովուրդը Հիասթափ Չըլլայ»

October 25, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Fotor01024133852Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի աւանդական ասուլիսի ընթացքին, անդրադառնալով ոչ իշխանական 3 ուժերու հանրահաւաքին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ պէտք է ընել ամէն բան, որպէսզի չկրկնուին անցեալի սխալները, եւ հոլովոյթին  մէջ արիւն չըլլայ: Երկրորդ կարեւոր խնդիրը` ըստ անոր, պէտք է այնպէս ընել, որ ժողովուրդը չհիասթափի: «Ես չէի ցանկար հանրահաւաքէն  առաջ ընել յայտարարութիւններ, որոնք իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան հանրահաւաքին վրայ: Ես չեմ ցանկար, որ ձախողի հանրային բնոյթ կրող հաւաքը, որովհետեւ հազարաւոր մարդիկ լի յոյսերով կ՛երթան հանրահաւաքին: Չէի ուզեր, որ իրենք այս իմ ըսած հարցերուս հետ կապուած որեւէ ձախողութիւն արձանագրէին: Եթէ ըլլայ  այս իմ ըսած երկուքէն որեւէ մէկը, բոլորս ալ խնդիր պիտի ունենանք», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան` աւելցնելով, որ հիասթափութիւն ըսելով, նկատի ունի նաեւ անցեալի դառն փորձը, երբ անընդհատ կ՛ըսէին` «այս ժամուն եկէք, կը տեսնէք` ինչ պիտի ըլլայ», բայց ոչինչ կ՛ըլլար: Պատգամաւորը շեշտեց. «Կը ցանկամ, որ եռեակը իսկապէս չձախողի իր ծրագիրներուն մէջ»: Ա. Ռուստամեանի կարծիքով` յաջողութեան կարելի է հասնիլ ոչ միայն «ընդդէմ»-ով, որ  կրնայ նոյնիսկ յանգեցնել արիւնահեղութեան, այլ նաեւ «յանուն»-ով: «Եթէ ծրագիրը կցուած ըլլայ այդ երկուքով, կարելի է յաջողութեան հասնիլ: Ըստ ինծի, ամէն դաշտի մէջ ալ ողջմիտ մարդիկ կան, իշխանութեան մէջ ալ, կը մնայ  միայն վստահելի ծրագիր եւ համոզիչ ընթացք ներկայացնել», ըսաւ ան: Անցեալ հանրահաւաքէն ետք հարցեր մնացած են, եւ պատգամաւորը յոյս ունի, որ այս հանրահաւաքը կը սրբագրէ այդ հարցերը, եթէ` ոչ, ապա անոնք կրնան խորանալ: «Լաւ սկիզբը կարեւոր դեր ունի հետագային համար: Թերեւս իրենք որոշած են, որ քանի մը հանրահաւաքն է սկիզբը: Բայց եթէ այդ հանրահաւաքը ակնկալութիւնները չբաւարարեց, ասիկա ամէնէն պատշաճ  գնահատականն է», աւելցուց Արմէն Ռուստամեան: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը  գնահատէ 10 հոկտեմբերի հանրահաւաքը, եւ արդեօ՞ք կայ հիասթափութիւն, ան ըսաւ. «Ես ըսած եմ, որ 10 հոկտեմբերի հանրահաւաքէն ետք պահպանուած է անորոշութիւնը, որ կար ժողովուրդին մօտ: Այս հանրահաւաքին գերագոյն խնդիրը պէտք է ըլլայ այդ անորոշութիւնը սրբագրել»:

 

Նախորդը

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ

Յաջորդը

«Սահմանադրական Բարեփոխումներու Հայեցակարգը Յառաջիկային Քաղաքական Քննարկումներու Հանգրուան Պիտի Անցնի» Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.