Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկայի Մէջ Թուրքերը Հրաւիրուեցան Պայքարելու Հայկական Ու Յունական Լոպպիներու Դէմ

October 24, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ

Ամերիկայի թրքական լոպպիները հրաւիրուեցան պայքար մղելու Ամերիկայի հայկական ու յունական լոպպիներուն դէմ եւ կասեցնելու անոնց նոր արշաւը, որ ծնունդ առած է Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ ընդունուած թիւ 4347 բանաձեւէն: Այս բանաձեւը օրակարգի վրայ կը բերէ Թուրքիոյ եւ Կիպրոսի մէջ թուրքերու կողմէ բռնագրաւուած հազարաւոր եկեղեցիներու խնդիրը, կ՛առաջարկէ, որ այդ եկեղեցիներուն ցանկը պատրաստուի ու Թուրքիայէն պահանջուի, որ վերադարձնէ այդ եկեղեցիները:

Հայկական ու յունական լոպպիները այժմ տենդագին աշխատանք կը տանին, որպէսզի յանձնախումբին կողմէ ընդունուած այս բանաձեւը բերուի Քոնկրեսի ընդհանուր նիստին: Հայկական լոպպիները ներկայիս Թուրքիան կ՛ամբաստանեն հազարաւոր եկեղեցիներու վրայ ձեռք դնելու ու զանոնք քանդելու մեղադրանքով:

Համացանցի վրայ թրքական լրատու աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական ու յունական լոպպիներու այս աշխատանքին դիմադրելու եւ անոնց աշխատանքը կասեցնելու հրաւիրուեցան Միացեալ Նահանգներու թրքական լոպպիները ու Ամերիկայի մէջ ապրող թուրքերը: Միացեալ ազգերու թրքական համացանցը հրատարակեց անգլերէն նամակներու օրինակներ, որպէսզի թուրքերը այդ նամակները գրի առնեն ու իրենց ստորագրութիւններով ղրկեն քոնկրեսականներուն եւ յայտնեն, որ իրենք բացարձակապէս սխալ կը գտնեն պատրաստուած բանաձեւը, իրենց կարգին,  հայերն ու յոյները հրաւիրեն մահմետականներէ գողցուած սրբատեղիները, Հայաստան դադրեցնէ մահմետական կամ եզիտիներու վրայ գործադրուած տանջանքները:

ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ

Նախորդը

Նոր Հրատարակութիւն. «Նեղութիւն Պատճառող Ցեղասպանութիւն Մը. Այսօր Ո՞վ Կը Յիշէ Հայերը»

Յաջորդը

Հարիւր Տարի Ետք Պատմութեան Հետ Երես Առ Երես Գալ. Ցեղասպանութեան Մասին Աշխատաժողով Պոլսոյ Մէջ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.