Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Հրատարակութիւն. «Նեղութիւն Պատճառող Ցեղասպանութիւն Մը. Այսօր Ո՞վ Կը Յիշէ Հայերը»

October 24, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1024_RobertsonԱ. Համաշխարհային պատերազմի շուրջ մնացած ամէնէն վիճելի հարցումը` «Հայոց ցեղասպանութիւն տեղի ունեցա՞ծ է» սուր կերպով պիտի հնչէ, երբ 24 ապրիլ 2015-ին հայերը աշխարհի տարածքին նշեն օսմանեան թուրք կառավարութեան ձեռքով 1,5 միլիոն հայերու սպանութեան 100-ամեակը: Թուրքիա կը շարունակէ հերքել, թէ այդպիսի բան տեղի ունեցած է, իսկ եթէ տեղի ունեցած է, ապա անիկա արդարացուած էր:

Այս մէկը միջազգային կարեւոր հարցի մը վերածուած է: Աշխարհի տարբեր երկիրներու քսան խորհրդարաններ ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը, սակայն Մեծն Բրիտանիա երկդիմի քաղաքականութիւն կը վարէ այս հարցին նկատմամբ: Աւստրալիոյ մէջ երեք նահանգային կառավարութիւններ ճանչցան Ցեղասպանութիւնը (հակառակ Կալիփոլիի ոգեկոչումին երեսփոխաններու մասնակցութիւնը արգիլելու սպառնալիքներու), սակայն Ապպոթի կառավարութիւնը թուրքերուն ըսած է, որ Աւստրալիան Ցեղասպանութիւնը չի ճանչնար:

Ճէոֆրի Ռապըրթսըն (թագուհիի խորհրդական) այս մտայնութիւնը կ՛ատէ: Անոր «Նեղութիւն պատճառող ցեղասպանութիւն մը. այսօր ո՞վ կը յիշէ հայերը» գիրքը հաստատ կերպով կը փաստէ, որ 1915-ի ահաւոր դէպքերը, որուն ականատես եղած են պատերազմին գերեվարուած աւստրալիացի զինուորները, մարդկութեան դէմ ոճիր մըն է, որ այսօր ծանօթ է իբրեւ ցեղասպանութիւն: Ան այս գիրքին մէջ կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս ժողովրդավարական երկիրներ կրնան ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ պայքարիլ` առանց խօսքի ազատութիւնը մերժելու, եւ մեծ նպաստ բերել բոլոր ոճիրներու յոռեգոյնը հասկնալուն եւ կանխարգիլելուն: Ռապըրթսըն կը դատապարտէ, Սրի Լանքայէն մինչեւ Սուտան, հին Անատոլուէն մինչեւ արդի Կազա, բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն մանուկներու եւ քաղաքացիներու զանգուածային սպանդը արդարացնել յանուն ռազմական կարիքի:

Ճէոֆրի Ռապըրթսըն մարդկային իրաւանց փաստաբան մըն է եւ ՄԱԿ-ի մէջ պատերազմական ոճիրներու դատաւոր մը: Ան մասնակից էր զօրավար Փինոշէին եւ Հէյսթինկզ Պանտայի դատավարութեանց, ինչպէս նաեւ` Սատտամ Հիւսէյնը դատած դատաւորներու մարզումին: Անոր «Մարդկութեան դէմ ոճիրներ» գիրքը ներշնչած է համաշխարհային արդարութեան շարժումը, ան նաեւ հեղինակն է մեծ գնահատանքի արժանացած «Արդարութեան խաղը» յուշերուն եւ «Լրատուամիջոցներու օրէնք» դասագիրքին: Ռապըրթսըն Լոնտոնի համալսարանի Քուին Մերի քոլեճի այցելու դասախօս է:

 

Նախորդը

Հալէպի Հայ Որբերուն Մասին Փաստաթուղթերը` Թրքերէնով

Յաջորդը

Ամերիկայի Մէջ Թուրքերը Հրաւիրուեցան Պայքարելու Հայկական Ու Յունական Լոպպիներու Դէմ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.