Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիւր Տարի Ետք Պատմութեան Հետ Երես Առ Երես Գալ. Ցեղասպանութեան Մասին Աշխատաժողով Պոլսոյ Մէջ

October 24, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ

«Ցեղապաշտութեան ու ազգայնամոլութեան «Կա՛ց ըսէ» անուն կազմակերպութիւնը, Կալաթասարայ, Ճեզայիր հաւաքասրահի մէջ կազմակերպեց հաւաքոյթ մը, որուն քննարկումի նիւթն էր «Ա. Աշխարհամարտն ու Հայոց ցեղասպանութիւնը»: Հաւաքոյթը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած էր` որպէս հարիւր տարուան պատմութեան մը հետ երես առ երես գալու ձեռնարկ: Սրահը ամբողջովին լեցուն էր:

1015ayhan_aktarՀաւաքոյթին առաջին զեկուցողն էր Այհան Աքթար, որ ըսաւ, թէ Թուրքիոյ պաշտօնական տեսակէտը 1915-ը ընդհանրապէս կը կապէ միայն Ա. Աշխարհամարտին: 1909-ին երբ զինուորական օրէնքը փոխուեցաւ, հայերն ալ սկսան զինուոր կանչուիլ, բայց աւելի ուշ «Հայերուն զէնք մի՛ տաք» ըսուեցաւ, ու հայ զինուորները գործածուեցան ճամբաներու շինութեան մէջ:

Վանի անկումէն ետք մօտաւորապէս 1,5 միլիոն քիւրտ գաղթեց դէպի արեւմուտք, եւ ասոնք ճանաչում  գտան որպէս արեւելեան նահանգներու գաղթականներ: Օսմանեան պետութիւնը այդ շրջանի ահաւոր խառնակութենէն օգտուելով` հայերը տեղահանեց, քաջ գիտնալով, որ այդ հայերը տեղահանութեան ճամբաներուն վրայ յարձակումներու պիտի ենթարկուէին ու պիտի բնաջնջուէին: Սարըղամըշի ահաւոր պարտութիւնն ալ հայերու վերագրուեցաւ, ու այդ պարտութեան հաշիւը արձանագրուեցաւ հայերու դէմ:

1015Tatyos-BebekԵրկրորդ զեկուցողն էր Թադէոս Պէպէք, որ պատմեց 1915-ի նախորդող շրջանի անցուդարձերը: Ան ըսաւ, որ հայերը այս հողերուն վրայ էին տակաւին Քրիստոսէ առաջ 6-րդ դարուն, հայերը մինչեւ 1839 ընդունուած էին որպէս հաւատարիմ հայրենակից, բայց 1830-էն ետք յարաբերութիւնները խանգարուեցան, հայերը ստիպուեցան տուրքեր  վճարել թէ՛ քիւրտերուն, թէ՛ պետութեան: Հազարաւոր տարիներու իրենց հայրենիքին վրայ անոնք երկրորդ կարգի հայրենակից նկատուեցան եւ այս անիրաւութիւններուն դէմ պայքարելու համար սկսան կազմակերպուիլ: Թադէոս Պէպէք ապա պատմեց Սասունի պատահարները, Ատանայի դէպքերը եւ այլն: Իթթիհատականները նախ գործակցեցան հայոց Դաշնակցութիւն կուսակցութեան հետ, բայց իշխանութեան գլուխ գալէ ետք անոնք ալ ընդունեցին թրքապաշտ տեսակէտը ու սահմանափակեցին ազատութիւնները:

Երրորդ ու վերջին զեկուցողն էր Ռոնի Մարկուլիէս, որ իր կարգին կանգ առաւ Ցեղասպանութեան յաջորդող շրջանին վրայ: Եթէ 1915-ի ցեղապաշտութիւնը այդ շրջանին համար անհրաժեշտութիւն էր, անկէ ետք այդ ցեղապաշտութիւնը վերջ գտա՞ւ արդեօք, հարցուց ան: Ան յիշեցուց, որ այդ շրջանի սահմանադրութիւնը պնդեց, որ բոլոր անոնք, որոնք հայրենակցական կապով կապուած են Թուրքիոյ, թուրք են: Այս տեսակէտը Քենան Էվրենով չէր, որ սկսաւ ուրեմն: 1924-էն ի վեր այս յօդուածը բնաւ չէ փոխուած: Մնաց որ, այդ շրջանին պետութեան ղեկավարներէն շատեր կողմնակից ալ չէին ոչ իսլամները թուրք կոչելու: Ազգայնապաշտ Մահմուտ Էսատ Պոզքուրթ այս պատճառով ոչ իսլամներուն համար ստեղծած էր «Օրէնքի թուրք» ասութիւնը: Մարկուլիէս իր զեկուցումին մէջ օրինակներ նշեց ազգայնապաշտ վերաբերումներէ ու պնդեց, որ Մուսթաֆա Քեմալն ալ զերծ չէր այս վերաբերումներէն: Ան ըսաւ, որ 1915-ի ցեղապաշտութիւնը այսօր ալ կը շարունակուի:

Երեք զեկուցումներէն ետք զեկուցողները պատասխանեցին ներկաներու զանազան հարցումներուն:

Նախորդը

Ամերիկայի Մէջ Թուրքերը Հրաւիրուեցան Պայքարելու Հայկական Ու Յունական Լոպպիներու Դէմ

Յաջորդը

Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցու Տխուր Յիշողութիւնները. Ճեմալ Փաշայի Թոռան Յօդուածը` Եկեղեցու Անցեալի Ու Ներկայի Մասին

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.