Ազրպէյճանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան ղեկավար Մալենա Մարդ լրագրողներուն յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն` Փարիզի մէջ նախատեսուած հանդիպումը դրական քայլ է:
«Այդպիսի բարձր մակարդակով հանդիպումներ կատարելը շատ կարեւոր է: Մենք կ՛ակնկալենք, որ այսպիսի նախաձեռնութիւնները նպաստեն գործող սթաթիւս քոյի փոփոխութեան», ըսած է Մարդ:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ նախապէս Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները հրաւիրած էր Փարիզ` հանդիպում ունենալու համար:


