
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով պաշտօնական այցելութեամբ այսօր Երեւան կը հասնի Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը հանդիպում պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Այսօր տեղի կ՛ունենան Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի բանակցութիւնները, որոնց կը հետեւի մամլոյ միացեալ ասուլիս: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը այսօր նաեւ պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդ, ուր յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:


