Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատունը յայտնեց, որ Լոնտոն լիբանանեան բանակի սահմանապահ ուժերուն պիտի տրամադրէ յատուկ սարքեր, որոնց մէջ կ՛իյնան «Լենտռովըր» տիպի ինքնաշարժներ, անձնական պաշտպանութեան համար օգտագործուող իրեր, անթել հաղորդակցութեան գործիքներ, ինչպէս նաեւ սահմանային հսկողութեան շարժական կեդրոններ:
Ըստ դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութեան, Բրիտանիոյ բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Նիքըլըս Հաթըն բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ Բրիտանիա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` լիբանանեան բանակի զինման կարելիութիւնները ընդարձակելու եւ կարողութիւնները բարելաւելու իմաստով:


