Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբունարի Մէջ Բուռն Բախումները Կը Շարունակուին

October 23, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1022_KobaneՄիացեալ Նահանգներու եւ անոր դաշնակիցներուն օդանաւերը ռմբակոծեցին ՏԱՀԵՇ-ի` Արաբունարի արեւելքը գտնուող մէկ դիրքը: Մինչ այդ, Քիւրտ ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերուն եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն միջեւ մասնաւորաբար քաղաքի հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ կատաղի բախումներ տեղի կ՛ունենան: Բախումները ընդլայնուելով նաեւ ներառեցին քաղաքի հարաւային թաղամասերը:

Բախումներուն ընթացքին սպաննուեցան ՏԱՀԵՇ-ի աւելի քան քսան զինեալներ:

Մինչ այդ, Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի յայտնեց, որ Դամասկոս Արաբունարին զինուորական եւ գումակային օժանդակութիւն տրամադրած է եւ կը շարունակէ տրամադրել:

Միւս կողմէ, Փենթակոն յայտնեց, որ Արաբունարի մէջ գտնուող քիւրտ զինեալները օդէն նետուած զէնքերու մեծամասնութիւնը ստացած են եւ կը շարունակեն քաղաքի մեծամասնութեան վերահսկել:

Փենթակոնի բանբեր Ճոն Քըրպի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի հրապարակած այն տեսերիզը, որուն մէջ կը հաղորդուի, որ այդ զէնքերուն մէկ մասը ձեռք ձգած են, կը սերտուի` շեշտելով, որ հակառակ քիւրտերու վերահսկողութեան շարունակման, Արաբունարի մէջ կացութիւնը փխրուն է եւ տակաւին կրնայ փոխուիլ: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ Արաբունարի մէջ քիւրտերուն օդի ճամբով զինուորական մատակարարում կատարելով սխալ գործեց»:

Մինչ ըստ կարգ մը տեղեկութեանց փեշմերկաներ իրենց տարատեսակ զէնքերով մուտք գործած են Թուրքիա եւ կ՛ուղղուին քաղաք, Արաբունարի շրջանի փոխնախագահ Խալետ Պարքալ «Մայատին»-ին յայտնեց, որ ինք փեշմերկաներու Արաբունար հասնելուն մասին պաշտօնական տեղեկութիւն չէ ստացած:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու պատկերասփռուած յայտարարութեան մը ընթացքին հերքեց, որ փեշմերկաները թրքական հողերուն ճամբով Արաբունար անցած են` աւելցնելով, որ այդ հարցով քննարկումները տակաւին կը շարունակուին:

Նշենք, որ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի խորհրդարանը երէկ շրջանի նախագահին արտօնեց փեշմերկաներ Արաբունար ուղարկել:

Նախորդը

ՄԱԿ ՏԱՀԵՇ-ը Մեղադրած Է Իրաքի Եզիտիները Ցեղասպանութեան Ենթարկելու Փորձի Համար

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.