Երէկ` չորեշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2014, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Բագին» գրական հանդէսին կազմակերպութեամբ գրական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ, ուր ներկայացուեցաւ Յակոբ Պալեանի «Մարդը ժամանակին հետ (պատմուածքներ ու ապրումներ)» լոյս տեսած գիրքը` ներկայութեամբ գրականասէր եւ մտաւորական սեղմ շրջանակի մը:
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Նորա Բարսեղեան, որ նշեց, թէ Յակոբ Պալեանի արտադրողականութիւնը անոր տաղանդէն անկախ ու անկէ անդին անոր ժրաջանութիւնն է, հետեւողականութիւնը, նաեւ` հայ գիր ու գրականութեան յարատեւումը ապահովելու տենչն ու տագնապը, որոնք Պալեանի էութեան մէջ կը վերածուին գրական պատկերներու, գրականութիւն հարստացնող հատորներու: Ապա հրաւիրեց լսելու Կարօ Աբրահամեանը, որուն միտքերն ու ապրումները ծնունդն են անոր եւ Յակոբ Պալեանի մտերմութեան արտացոլումին:
Կարօ Աբրահամեան ողջունելէ ետք ներկաները ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Յակոբ Պալեանի կենսագրական տուեալները` ըսելով, որ ան եղած է ուսուցիչ, խմբագրած է քանի մը թերթեր, որոշիչ դերակատարութիւն ունեցած է Մարսէյի հայ Ճեմարանի հիմնադրութեան աշխատանքներուն մէջ: Գրող է, բանաստեղծ, հրապարակագիր, թարգմանիչ, երգիծագիր, «Բագին» գրական հանդէսի վարիչ խմբագիր` 2004-էն սկսեալ եւ հեղինակ է 20 հատոր գիրքերու: Աբրահամեան դիտել տուաւ, որ Պալեանի «Մարդը ժամանակին հետ» գիրքը 18 պատմուածքներու եւ ապրումներու հաւաքածոյ մըն է, որ լոյս տեսած է Երեւան, 2014-ին: «Այս գիրքն ալ, ինչպէս Պալեանի բոլոր գործերը, գրի առնուած են մաքուր արեւմտահայերէնով առանց աւելորդ ոճաբանութիւններու», ըսաւ ան: Գիրքը նուիրուած է հեղինակի մտերիմ ընկերոջ` դոկտ. Յակոբ Պարսումեանին, մեկենասութեամբ Յասմիկ եւ Վահագն Յովնանեաններու:
Յակոբ Պալեանի իւրաքանչիւր պատմուածք առանձին ճակատագիր մըն է, կեանքի իրապաշտ նկարագրութիւն մը: Հերոսներու մեծամասնութիւնը Միջին Արեւելքի տղաքն են, որոնք տարբեր նպատակներով ապաստանած են լոյսերու քաղաքը: Անոր պատմուածքներուն մէջ կը հանդիպինք պանդխտութեան ու կարօտի բնաբանով պատմուածքներու: Երբեմն ընթերցողին դիմաց կը բացուի գեղանկարներու ընդարձակ սրահ մը` հարազատ ու իրապաշտ գոյներով:
Կարօ Աբրահամեան ներկայացուց պատմուածքները մէկ-մէկ համապատասխան ընթերցումներ ընելով համանուն պատմուածքէն: Առաւել յաջող են «Դաջուած պատկեր», «Կարճատեւ նկարահանում առանց տեսախցիկի», «Անաւարտ սիրոյ մը պատմութիւնը» «Նաւապտոյտի օրագիրը» եւ այլն:
Աւարտին ներկաները շնորհաւորեցին Յակոբ Պալեանը նորանոր յաջողութիւններու բարեմաղթութեամբ եւ գրական յաջորդ հանդիպումի մը ներկայ գտնուելու յոյսով հրաժեշտ տուին:


