
Մալաթիոյ մէջ տեղի ունեցած «Մալաթիան` Մալաթիոյ հայերու աչքերով» խորհրդաժողովին ընթացքին Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ, Մալաթիայէն երեսփոխան Էօզնուր Չելիք «1915-ի դէպքերուն» կապակցութեամբ ցաւակցած է հայերուն:
Ըստ «Հապերլեր»-ի, վերյիշելէ ետք Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ցաւակցական ուղերձը` Չելիք ըսած է. «Նոր Թուրքիա»-ն կառուցելու ճամբուն վրայ անկարելի պիտի ըլլայ շրջանցել 1915-ի դէպքերը: Ինչպէս նախագահը, մենք եւս կը ցաւակցինք զոհուածներու թոռներուն: Ծնունդով մալաթիացի Հրանդ Տինքի հոգին թող լուսաւոր ըլլայ: Բոլորս պէտք է իրարու նկատմամբ հանդուրժող ըլլանք: Անկախ ազգութենէ, բոլորս պէտք է եղբայրութեան սերմեր ցանենք: Մենք միասին դարձանք Թուրքիա: Յոյսով եմ, որ «Նոր Թուրքիա»-ն կը կառուցենք միասին` իրարու լաւ հասկնալով, նախկին մեր ցաւերը համատեղելով եւ ցաւերը իրարու հետ մրցակցութեան չդնելով: Մեր տարբերութիւնները մեր հարստութիւնն են»:
Միւս կողմէ, «Ակունք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ Թուրքիոյ դեսպաններուն եւ հիւպատոսներուն հետ` անդրադառնալով նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ «հայկական կողմի գործողութիւններուն» եւ խնդրելով աջակցութիւն ցուցաբերել Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ սկսած «Թուրքիոյ դէմ քարոզչական արշաւին» դէմ դնելու ջանքերուն: Չաւուշօղլու նշած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ու սփիւռքի ջանքերով, Թուրքիոյ պատմութիւնը «բառացիօրէն իբրեւ սատանայական պատմութիւն» կը ներկայացուի:


