
Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն հարցով լիբանանեան եւ թրքական կառավարութիւններուն միջեւ ուղղակի գործակցութիւն կայ` ապահովական եւ ոչ ապահովական հաստատութիւններուն գործունէութեան առումով:
Այս շրջագիծին մէջ Էօզեըլտըզ յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին առումով գաղտնապահութիւնը պէտք է պահել:
Թուրք դեսպանը յայտնեց, որ Թուրքիոյ հասցէին շատ ամբաստանութիւններ կան, թէ ան այս կամ այն կազմակերպութեան կը զօրակցի, «սակայն այստեղ կարեւոր է հաստատել, որ Թուրքիա ահաբեկչական կազմակերպութիւններու չի զօրակցիր», աւելցուց ան:


