Հովանաւորութեամբ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին եւ կազմակերպութեամբ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 17 հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ` «Երիտասարդութիւնն ու եկեղեցին» նիւթով: Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետ Ռիթա Ղարիպեան իր բացման խօսքով ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց օրուան զեկուցաբեր-դասախօսները` Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան ու Պարոյր աբղյ. Շերնեզեանը: «Հայ առաքելական եկեղեցին կանուխ ժամանակաշրջանէն ներկայութիւն եղած է հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ», ըսաւ Ղարիպեան` ընդգծելով, որ հայ եկեղեցին հոգեւոր քարոզչութեան կողքին, մեծապէս սատարած է ազգային նկարագիրի կերտման ու պահպանման: «Այսօր, 21-րդ դարուն բարոյական արժէքներու անկման շրջանին, երիտասարդութիւնը մեծ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի», շեշտեց ան:
Առաջին խօսք առնողը եղաւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի դասախօս, հոգեբան Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան, որ անդրադարձաւ երիտասարդութեան ու յատկապէս հայ երիտասարդութեան եկեղեցիէն բացակայութեան հարցին: Սահմանելէ ետք երիտասարդն ու անոր հոգեբանական-բնախօսական նկարագիրը` Պապոյեան-Ազեզեան թուեց անոր դէմ ցցուող դժուարութիւնները, յատկապէս նիւթական եւ տնտեսական իմաստով: Ան մէջբերեց համալսարանական 135 ուսանողներու հետ կատարուած հետախուզական ուսումնասիրութեան մը արդիւնքները, ըստ որոնց 16 տարբեր վարժարաններէ եկող ուսանողներու մեծ մասը կը բացակայի եկեղեցիէն հետեւեալ պատճառաբանութիւններով.- Եկեղեցական պատարագը անհասկնալի է, ծերերու տեղն է, իրենց կարծիքը առնելու առիթ չի տրուիր, անարդար վճիռներ ամուսնալուծման ընթացքին, եթէ Աստուած գոյութիւն ունենար, պատերազմներ չէին ըլլար եւ այլն: Ան այս գծով շեշտեց հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը` փոքր տարիքէն, ուր հիմնական է ծնողքին եւ դպրոցին դերը:
Ապա խօսք առաւ Պարոյր աբղյ. Շերնեզեան, որ բնորոշեց հայ ժողովուրդը, իբրեւ առաջինը, որ քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս ընդունեց` հարց տալով, թէ որո՞նք եկեղեցի կ՛երթան: Ան ըսաւ, թէ եկեղեցի յաճախողներուն մէկ մասը կ՛երթայ, որովհետեւ մանկութենէն ծնողական դաստիարակութեամբ վարժուած է: Ուրիշներ կ՛երթան, որովհետեւ պէտք կը զգան հաւատքի: Այլ խումբ մը կ՛երթայ պարզապէս առ ի պարտականութիւն` թաղումի, հոգեհանգիստի թէ պսակի արարողութեանց բերումով: «Եկեղեցականներս թերութիւն կ՛ունենանք, որովհետեւ բոլորս ալ մարդ ենք, մինչ եկեղեցին անսխալական է, որովհետեւ Աստուծոյ տունն է», շեշտեց Պարոյր աբղյ. Շերնեզեան: Ան նշեց, թէ ինչպէս մեծ պետութիւններ իրենց ուշադրութեան թիրախ դարձուցած են Միջին Արեւելքի երիտասարդութիւնը` փորձելով ներգրաւել զանոնք զանազան միջոցներով` թմրեցուցիչի թէ այլ ձեւերով: «Երիտասարդութեան վրայ ազդելով այդ պետութիւնները կը փորձեն ազդել շրջանի ժողովուրդներուն վրայ», յայտնեց հայր Շերնեզեան` շեշտելով, որ փրկութեան լաւագոյն պարանը` «Աստուծոյ հաւատքի»-ն պարանն է: Ան թուեց երիտասարդութեան եկեղեցիէն բացակայելու պատճառները, ուր երիտասարդութիւնը հետաքրքրուած չէ եկեղեցական, կրօնական նիւթերով: «Մեր մօտ եկեղեցական, կրօնական դաստիարակութեան պակաս կայ», ընդգծեց ան` յիշեցնելով, որ հոգեւորականը միշտ պատրաստ է բացատրութիւն տալու, ի վերջոյ Աստուծոյ պարանն է փրկութեան պարանը: Ապա զոյգ դասախօսները պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն: Այս առիթով Քրիստին Սրապիոնեան ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական» բանաստեղծութիւնը:
Աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան:


