Արսալի բարձունքներուն վրայ բանակը եւ Հըզպալլան դէմ դրին ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ գործուած զինեալ յարձակումին:
Արսալի բնակիչները ականատես եղան բանակին կողմէ մղուած պայքարին:
Զինեալները յարձակում գործեցին նաեւ Քահ գիւղաքաղաքին դէմ, ուր բանակն ու Հըզպալլայի մարտիկները կրցան դարձեալ ետ մղել զինեալները:
Կը նախատեսուի, որ նման յարձակումներ կրկնուին` նկատի ունենալով կլիմայի փոփոխութիւնը եւ ձմրան եղանակին ծովուն մակերեսէն 1700 մեթր բարձրութեամբ գոյատեւելու դժուարութիւնը:


