Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՔՈՐԱՍԱՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՄՆԵԼՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԵԱՆՑ ՄՆԱՅՈՒՆ ՑՈՒՑԱՍՐԱՀ ՄԸ

July 20, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Քորասաուի ծագումով լիբանանցի տնտեսութեան նախարար Նասեր Հաքիմը, որ շնորհաւորեց նախարարը անոր նշանակման առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր:

Հանդիպումին ընթացքին Վ. Սապունճեան եւ Հաքիմ քննարկեցին երկկողմանի գործակցութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան արտադրութիւնները լատին Ամերիկայի մէջ տարածելու կարելիութիւնները:

Քննարկուեցան նաեւ լիբանանցի գործարարներուն եւ ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն օժանդակելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Քորասաուի մէջ լիբանանեան արտադրութեանց մնայուն ցուցասրահ մը հիմնելու կարելիութիւնը` նպատակ ունենալով լիբանանեան արտադրութիւնները ծանուցել լատին ամերիկեան երկիրներուն մէջ:

Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ հետապնդելու այս աշխատանքն ու ծրագիրները, ինչպէս նաեւ գործակցելու հոլանտական դեսպանատան եւ այլ կողմերու հետ, որպէսզի աւելի ուշ կարելի ըլլայ ճարտարարուեստի մարզի ներկայացուցիչներուն փոխանցել այդ ծրագիրին վերաբերող մանրամասնութիւններն ու զարգացումները:

Միւս կողմէ, ճարտարարուեստի նախարարութիւնը հրապարակեց 2011-ի մայիս ամսուան ընթացքին Լիբանանէն արտածուած ճարտարարուեստական արտադրութիւններուն ցուցակը, որուն համաձայն, այդ արտադրութիւններուն արժէքը հասած է մէկ միլիառ 395 միլիոն տոլարի, մինչդեռ նախորդ տարուան` 2010-ի ընթացքին նոյն ամսուան լիբանանեան արտադրութիւններուն արժէքը մէկ միլիառ 343 միլիոն տոլար էր, իսկ 2009-ին այդ արժէքը կը հասնէր մէկ միլիառ 101 միլիոն տոլարի:

Հետեւաբար լիբանանեան արտածուող արտադրութիւններուն արժէքը 2010-ի հետ բաղդատելով այս տարի արձանագրած է 3,9 առ  հարիւրի աճ մը, իսկ 2009-ի հետ բաղդատելով արձանագրած է 26,7 առ հարիւրի աճ մը:

Նախարարութեան հրապարակած ցուցակին համաձայն, Լիբանան ներածուած արտադրութիւններուն արժէքը 2011-ի մայիսին հասած է 101,4 միլիոն տոլարի, մինչդեռ նախորդ տարուան` 2010-ի ընթացքին, նոյն ամսուան լիբանանեան արտադրութիւններուն արժէքը 96,7 միլիոն տոլար էր, իսկ 2009-ին այդ արժէքը կը հասնէր 87,6 միլիոն տոլարի:

Հետեւաբար ներածուող լիբանանեան արտադրութիւններուն արժէքը 2010-ի հետ բաղդատելով այս տարի արձանագրած է 4,9 առ  հարիւրի աճ մը, իսկ 2009-ի հետ բաղդատելով արձանագրած է 15,8 առ հարիւրի աճ մը:

 

 

Նախորդը

«ԱՐԴԵՕՔ ՊԵԼՄԱՐ ԿՐՆԱ՞Յ ՏԱՊԱԼԵԼ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՈՐ ՅԱՂԹԱԾ Է ՇՐՋԱՆԻ ՀԶՕՐԱԳՈՅՆ ԶԷՆՔԻ ՈՒԺԻՆ» ՀԱՐՑ ՏՈՒԱՒ ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ

Յաջորդը

«ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆՈՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆ ՍՈՒՏ ՎԿԱՆԵՐՈՒՆ ՀԱՐՑԸ ՔՆՆԱՐԿԵԼՈՒ» ԸՆԴԳԾԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.