
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը, նոր նշանակուած նախարար Մարուան Խէյրէտտինը եւ կուսակցութեան փոխնախագահ, նախկին երեսփոխան Մարուան Ապու Ֆատելը:
Հանդիպումէն ետք Արսլան յայտնեց, որ ինք շնորհակալութիւն յայտնած է խորհրդարանի նախագահին` Մարուան Խէյրէտտինը պետական նախարար նշանակելու իմաստով անոր ի գործ դրած ջանքերուն համար:
Արսլան հաստատեց, որ ինք ոչ մէկ ձեւով հակադրուած է կառավարութեան քաղաքական ուղեգիծին` աւելցնելով, որ ինք կը պաշտպանէ կառավարութեան մշակած աշխատանքային ծրագիրը:
Միւս կողմէ, սակայն, Արսլան աւելցուց, որ կարգ մը ուժային նախարարութիւններու պարագային համայնքային դիմագիծի ճշդումը Լիբանանի կառավարութեան կողմէ ցեղային խտրութիւն կը նկատուի եւ այդ մօտեցումը երբեք ընդունելի չէ:
Ան ընդգծեց, որ տիւրզի համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուած վարուելակերպը իրեն համար երբեք ընդունելի չէ եւ ոչ ալ կրնայ ըլլալ:
Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նախկին նախարար Ապտալլա Ֆարհաթ, որ դրուատեց կառավարութեան աշխատանքը եւ անոր աշխուժ սկիզբը:
Ֆարհաթ նշեց, որ այս հանգրուանը մարտահրաւէրներով լեցուն հանգրուան մըն է, որուն ընթացքին կառավարութիւնն ու խորհրդարանը միասնակամ պէտք է գործեն` պաշտպանելու համար Լիբանանի շահերն ու իրաւունքները:
Պըրրիի այցելեցին նաեւ յոյն կաթողիկէ համայնքի Զահլէի եւ Պեքաայի առաջնորդ Իսամ Եուհաննա Տարուիշ եպիսկոպոսը եւ Քանատայի առաջնորդ Իպրահիմ Իպրահիմ եպիսկոպոսը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի: Քննարկուեցան նախարարութեան աշխատանքները եւ նախարարին մշակած նոր ծրագիրները:


