Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղեմ Բոլորին Միասնականութեամբ Պայքարելու Լիբանան Մուտք Գործած Ուժերուն Դէմ»

October 14, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1013_generalԱզգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպութեամբ երէկ երեկոյեան Տըպպայէի խորհրդաժողովներու պալատին մէջ տեղի ունեցաւ 13 հոկտեմբեր 1990-ի դէպքերու յիշատակի ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն նշեց, որ լիբանանեան խորհրդարանին մէջ կայ մեծամասնութիւն մը, որ իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգած է եւ այդ մասին «աւետումներ» կը կատարէ` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն առումով անհրաժեշտ է մեծամասնական դրութենէն անցնիլ համամասնական դրութեան, որովհետեւ այդպէս կարելի է խորհրդարանին մէջ արդար ներկայացուցչութիւն ապահովել:

«Այս մթնոլորտին մէջ, Լիբանան կը տառապի շատ լուրջ վտանգներէ, որոնք են` սուրիացի գաղթականներուն մեծաթիւ գոյութիւնը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ Լիբանանի գրաւումը, իսկ վատագոյնը այն է, որ լիբանանեան կարգ մը կողմեր կը նշեն, թէ այդ խմբաւորումներուն դէմ պայքարը Լիբանանին սադրանք կը սպառնայ», ըսաւ զօր. Աուն:

Ան կոչ ուղղեց բոլորին միասնականութեամբ պայքարելու Լիբանան մուտք գործած ուժերուն դէմ:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը շեշտեց, որ այս առիթով իրենք կ՛ոգեկոչեն 13 հոկտեմբերի նահատակներուն յիշատակը` նշելով, որ այդ օրուան ճակատամարտը լիբանանեան բանակին մղած բազմաթիւ ճակատամարտներէն մէկն էր, սակայն անիկա խորհրդանշական էր, որովհետեւ գերիշխանութեան, ազատութեան եւ անկախութեան ճակատամարտն էր:

Զօր. Աուն նշեց, որ 14 մարտ 2005-ին եւս իրենց դիմադրութիւնը յաղթանակ մը արձանագրեց, սակայն ցաւ ի սիրտ այդ շրջանին երկրին իշխանութիւնը ստանձնեցին այնպիսի ղեկավարներ, որոնք Լիբանանը մէկ հոգատարութենէն դուրս բերին` զայն զետեղելով այլ հոգատարութեան մը ներքեւ:

Ան շեշտեց, որ անկախութեան պահպանումը անոր կերտումէն աւելի դժուար է` աւելցնելով, որ այս մասին ոչ ոք կը գիտակցի եւ այդ պատճառով ալ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահները կը շարունակեն արտաքին ուժերէ ստանալ իրենց հրահանգները` դառնալով արարողակարգային նախագահներ եւ ոչ թէ պետութեան միասնականութիւնն ու սահմանադրութիւնը պահպանող ղեկավարներ:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ ինք բազմիցս զգուշացուցած է կառավարութիւնը սուրիացի գաղթականներուն հարցով, «սակայն ոմանց մօտ տգիտութիւնը հասած է այն աստիճանի, որ մեզի ցեղապաշտութեամբ ամբաստանեն: Իսկ տարակարծութիւնը տակաւին կը շարունակուի` գաղթականներուն գծով որդեգրուելիք բնական միջոցառումներուն առնչութեամբ», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ համբերութեամբ եւ գոյատեւման պայքարով կարելի է շրջանցել ներկայ հանգրուանը:

 

Նախորդը

Փլամպլի Այցելեց Վարչապետին Եւ Փոխվարչապետին

Յաջորդը

Պըրրի. «Գետնի Վրայ Ահաբեկչութեան Դէմ Միջազգային Դաշինքը Լուրջ Չէ, Իսկ Պատահածը Մասնատուածը Մասնատելու Փորձ Է»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.