Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը նախորդ շաբաթավերջին երեք ամիսով կախակայեց Ռէալ Մատրիտի Բ. խումբի ֆրանսացի մարզիչ Զինետին Զիտանը` նկատի ունենալով, որ ան մարզիչի համապատասխան արտօնագիր չունէր:
Սակայն Ռէալ կը պնդէ, որ Բ. խումբի գլխաւոր մարզիչն է Սերճիօ Սանչես, մինչ Զիտան անոր օգնականն էր:
Բայց եւ այնպէս, մեղադրող կողմը այդ կարծիքը հերքող փաստաթուղթեր եւ տեսանիւթ ներկայացուցած է:
Նշենք, որ տարեշրջանին սկիզբը Սպանիոյ մարզիչներու ֆետերասիոնը բողոք ներկայացուցած էր, որ Զիտան առանց արտօնագիրի այդ գործունէութեամբ կը զբաղի: Երիտասարդական խումբերու մարզիչները երրորդ կարգի մարզական արտօնագիր պէտք է ունենան:
Սպանիոյ ֆութպոլի Գ. դասակարգի 7-րդ հանգրուանէն ետք, Ռէալ Մատրիտ կը գրաւէ 18-րդ դիրքը:


