Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի հրաժարագինը` իր ակումբէն, կը կազմէ 1 միլիառ եւրօ, յայտնեց ֆութպոլիստին գործակալը` Ժորժէ Մենտես:
«Ես վստահ եմ, որ ան կը պատրաստուի գերազանցելու իր իսկ հաստատած մրցանիշը` տարեշրջանի մը ընթացքին 60-է աւելի կոլ նշանակելով, անշուշտ եթէ վնասուածք չստանայ: Անոր համար անկարելի բան գոյութիւն չունի:
Ան ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնէ այդ իրագործումը կատարելու համար: Ինչ կը վերաբերի անոր հրաժարագինին, ապա անիկա կը կազմէ 1 միլիառ եւրօ», յայտնեց Մենտես:


