Նախորդ շաբաթավերջին «Տէյր Ալաաթ Քաունթրի Քլապ»-ին մէջ (Պէյթ Մերի) տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը «Հանիպաալ» մրցումին յաղթականներուն, որոնք Զաարուրի մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերած էին այս մարզական իրադարձութեան:
Անոր մասնակցած էին 713 վազողներ, որոնցմէ 706-ը կրցած էին անցնիլ ժամանման գիծը:
«Թրեշ-հոլտ» մարզական իրադարձութիւններ կազմակերպող ընկերութեան տնօրէն Քարին Լահուտ ըսաւ, որ «Հանիպաալ»-ի այս մրցումը, որ Լիբանանի մէջ եզակի է իր տեսակին մէջ, պիտի ըլլայ տարեկան դրութեամբ կիրարկուող մարզական իրադարձութիւն մը:


