Նախորդ շաբաթավերջին երկու օրերու վրայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի ճատրակի Բ. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան մրցումները:
Այս խմբակին մրցումները հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Անթիլիաս:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր կատարած երեք մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտեց` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Ահիա Ռիատան (4-2), Ռաֆահ Պէյրութը (6-0) եւ Մար Ռուքոզը (5-1):
Յառաջիկայ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Անթիլիաս Ա. հանգրուանի իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ Արապիէի դէմ:
Անկէ ետք կը սկսին Բ. եւ աւարտական հանգրուանի մրցումները:


