Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՆԱՅՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ՆԱՄԱԿ ԿԸ ՅՂԷ ՔԻ ՄՈՒՆԻՆ

July 20, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ օր ՄԱԿ-ի մէջ իբրեւ այդ կազմակերպութեան պաշտօնական փաստաթուղթ տարածուած է Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Կարէն Նազարեանի նամակը` ուղղուած ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին:

Քի Մունի ուշադրութիւնը հրաւիրելով յունիս ամսուան ընթացքին ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն կողմէ շփման գիծին վրայ զինադադարի դրութեան շարունակական խախտման` Հայաստանի դեսպանը նշած է, որ այսպիսի սադրիչ գործողութիւններ կը հակասեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հովանիին ներքեւ ընթացող բանակցութիւններուն, համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն բոլոր նախորդ յայտարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան եւ Հելսինքեան եզրափակիչ աքթին:

Նամակին մէջ Կարէն Նազարեան մտահոգութիւն կը յայտնէ, որ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը հակահայկական քարոզչութիւն կը տանի, ինչ որ կը դառնայ Ազրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան անբաժան մաս: Ան աւելցուց, որ ատոր վկայութիւնն են այդ երկրի նախագահին ելոյթները 26 յունիս 2011-ին տեղի ունեցած զինուորական շքերթին եւ 5 յուլիսին` ազրպէյճանցիներու համաշխարհային քոնկրեսին ընթացքին:

Դեսպան Նազարեան ընդգծած է նաեւ, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւններու այսպիսի գործողութիւնները յստակօրէն կը խախտեն այդ երկրին միջազգային` ներառեալ` ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի եւ Եւրոպական խորհուրդի հիմնարար փաստաթուղթերով ստանձնած պատերազմի քարոզչութիւնը եւ յարձակողապաշտութիւնը մերժող պարտաւորութիւնները:

Նամակին մէջ նշուած է նաեւ, որ Հայաստան հաւատարիմ է շարունակելու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին շուրջ բանակցութիւնները ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հովանիին ներքեւ, որ արդիւնաւէտ եւ միջազգայնօրէն միակ լիազօրուած ձեւաչափն է միջնորդութիւն իրականացնելու համար: Ըստ դեսպանին, ժամանակն է, որ Ազրպէյճան գիտակցի, որ պէտք է վերջ տայ միջնորդներու աշխատանքի խոչընդոտման եւ անհիմն ու վիրաւորական տեղեկատուութիւն տարածելու փոխարէն կեդրոնանայ բանակցային հոլովոյթին վրայ:

 

 

Նախորդը

«ՄՏԱԾԵՆՔ ԵՒ ԵՏՔԸ ՄԻԱՅՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՆՔ» ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԷ ՀՐԱՆԴ ՄԵԼԻՔ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ

Յաջորդը

ԸՍՏ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ԿՐՆԱՅ ԻՐԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ – ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԴԱՌՆԱԼ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.