Գերմանացի միջնապահ Ժուլիան Տրեքսլըր շատ հաւանաբար անհանգստութեան պատճառով բացակայի իր կազմին կատարելիք Եուրօ-2016-ի զտումի մրցաշարքին գծով Լեհաստանի եւ Իրլանտայի դէմ կատարելիք մրցումներէն, կը յայտնէ Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը:
Դ. խմբակին մաս կազմող Գերմանիա շաբաթ օր պիտի մեկնի Վարշաւա, ուր հիւրը պիտի ըլլայ Լեհաստանի, իսկ յառաջիկայ երեքշաբթի օր Կելսենքիրշընի մէջ պիտի հիւրընկալէ Իրլանտան:
Նշենք, որ 21 տարեկան Տրեքսլըր Գերմանիոյ հետ այս տարի հանդիսացած էր աշխարհի ախոյեան:


