
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն Բրիտանիոյ կողմէ կատարուած օժանդակութիւնները, ինչպէս նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց ահաբեկիչներուն կողմէ խողխողուած բանակայիններուն ընտանիքներուն:
Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր հաստատեց, որ Բրիտանիա տասնապատկած է լիբանանեան բանակին կատարած իր օժանդակութիւնն ու զօրակցութիւնը` հաստատելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութեան նկատմամբ իր յանձնառութիւնը:
Ան նշեց, որ այս հանգրուանին Լիբանան կը դիմագրաւէ լուրջ հարցեր, որոնց շարքին է ՏԱՀԵՇ-ին դիմադրելու մարտահրաւէրը:
Ֆլեչըր ընդգծեց նաեւ, որ Լոնտոն պատրաստակամ է ռազմափորձեր ծրագրելու` լիբանանեան բանակի սահմանապահ ուժերուն համար, աւելցնելով, որ ծայրայեղութեան դէմ պատերազմին կարելի չէ յաղթել միայն ուժ բանեցնելով:
«Հետեւաբար մենք պիտի ստեղծենք աշխատանքի առիթներ եւ քաղաքապետարաններուն պիտի օժանդակենք, որպէսզի անոնք կարենան լաւագոյն ծառայութիւնները ապահովել եւ սուրիացի գաղթականներուն մարդասիրական յաւելեալ նպաստներ տրամադրել, մինչեւ անոնց տունդարձը:
Ֆլեչըր նշեց, որ բրիտանական դեսպանատունը երկրորդ տարին ըլլալով լիբանանեան պետական բոլոր վարժարաններուն մէջ արձանագրուած աւելի քան 300 հազար աշակերտի նպաստ տրամադրած է` աւելցնելով, որ անկէ բացի Բրիտանիա որոշած է կրթական մարզին օժանդակել` անոր տրամադրելով 50 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Ֆլեչըր ցաւ յայտնեց Լիբանանի նախագահական աթոռը թափուր պահելու առիթով եւ հաստատեց, որ առանց հանրապետութեան նախագահի Լիբանանն ու անոր կայունութիւնը ենթարկուած են ցնցումի:
Ֆլեչըր իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ ՏԱՀԵՇ բոլորին կը սպառնայ` ընդգծելով, որ բնաւ կարելի չէ լիբանանցի ժողովուրդին պայքարն ու դիմադրութիւնը անտեսել:
Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել:


