
Խորհրդարանական զրոյցներուն ընթացքին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ այն փաստը, որ «Շրջանառութեան հարկի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին հարցին քուէարկութեան ընթացքին ընդդիմութեան մեծ մասը ձեռնպահ քուէարկեց, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը` կողմ, իսկ հիմա ստիպուած են հանդէս գալու օրէնքին դէմ, նշեց, որ այդ օրէնքին քննարկումին ընթացքին խորհրդարանին մէջ խօսուած է օրէնքի գործարկման պարագային հաւանական խնդիրների մասին: «Մենք (ՀՅԴ-ն) այդ օրէնքին ձեռնպահ քուէարկած ենք` մատնանշելով այն խնդիրները, որոնք պիտի յառաջանան: Բայց մեր իրականութեան մէջ միշտ կը հասնի վերջին օրը, վերջին սահմանը, կա՛մ գիտակցելով, կա՛մ ուղղորդելով` կը սկսին դժգոհիլ, բողոքել», նշեց պատգամաւորը: Ըստ անոր, ակնյայտ է, որ հարկի նուազեցումը 3,5 առ հարիւրէն 1 առ հարիւր, ակնյայտօրէն դրական քայլ է, սակայն ատոր զուգահեռ կը ստեղծուին լծակներ, որոնք բացասական հետեւանքներ կը յառաջացնեն փոքր եւ միջին առեւտուրով զբաղողներուն համար: «Դրականի եւ բացասականի խառնուրդը միշտ բացասական կու տայ: Մեզի համար սկիզբէն պարզ էր, որ եթէ փոքր եւ միջին առեւտուրը մինչեւ վերջ փաստաթղթաւորուի, անոնց մեծ մասը, ես չեմ բացառեր, որ 70 առ հարիւրը, պիտի անցնին 58 միլիոնի շեմը, ահա թէ ինչու կ՛առաջարկէինք շեմը բարձրացնել մինչեւ 150 միլիոն դրամ: Ստուգումներու մեքանիզմը, որ դրուած է այս օրէնքին մէջ, գլխացաւ պիտի յառաջացնէ փոքր եւ միջին առեւտուրով զբաղողներուն: Որովհետեւ մեր կառավարութիւնը չ՛ուզեր ակնյայտօրէն սխալ ըրած բանը զիջիլ եւ գտնել լաւագոյն լուծում, որուն առաջարկները եղած են նաեւ մեր կողմէ, կ՛ըսէ, թէ չի ստուգեր:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իսկապէ՞ս ժողովուրդը իշխանափոխութիւն կ՛ուզէ, եւ արդեօք ՀՅԴ-ն պատրա՞ստ է միանալու այդ պահանջին, Աղուան Վարդանեան ըսաւ. «Ես միշտ ըսած եմ, որ ժողովուրդին անունով խօսելու պատասխանատուութիւն երբեք չեմ վերցներ իմ վրաս: Ես երբեք չեմ ըսեր` ժողովուրդը ասիկա կը պահանջէ, անիկա կը պահանջէ: Հակառակը` բոլոր անոնք, որոնք կ՛ըսեն, թէ` հանրահաւաք կ՛ընենք, ժողովուրդը կ՛որոշէ, թէ ինչ պէտք է ընենք, ատիկա պարզ խուսանաւում է, ատիկա պատասխանատու քաղաքական ուժի ընելիքը չէ` ժողովուրդը կ՛որոշէ, ես կ՛ընեմ: Մենք շատ կը սիրենք ժողովուրդին անունով խօսիլ, բայց ատիկա այդպէս չէ: Բազմիցս ըսած եմ, որ միշտ մեծամասնութեան կարծիքը կը ձեւաւորէ փոքրամասնութիւնը` երկրի քաղաքական, զինուորական, տնտեսական եւ մշակութային ընտրանին, այնպէս որ` համաձայն չեմ, որ պահուըտին ժողովուրդին անուան տակ»: Վարդանեան աւելցուց. «Ժողովուրդը կրնայ տարբեր բաներ ուզել, բոլորը չեն կրնար մէկ բան ուզել, որովհետեւ ժողովուրդը կազմուած է խումբերէ, որոնք կ՛առաջնորդեն, կ՛ըսեն, թէ ո՛րն է ճիշդը: Վստահ չեմ, որ հանրահաւաքներ նետելը ժամանակի եւ տարածութեան մէջ, օգտակար է, որովհետեւ երբ տարբեր վայրերու մէջ կ՛ըսուի նոյն բանը, խօսքը կը մաշի, եւ աւելին չես կրնար ըսել` տարբեր պատճառներով: Աբովեանի մէջ կ՛ընենք հանրահաւաք, եւ Կապանի աշխուժ զանգուածը կը հետեւի հանրահաւաքին: Այնպէս չէ, որ 19-րդ դարն է, եւ պէտք է երթալ Կապան ու նոյն հանրահաւաքը ընել: Եթէ մենք մասնակցէինք այդ հանրահաւաքներուն, պիտի առաջարկէինք հանրահաւաք ընել երկու-երեք տեղի մէջ, այլապէս խօսքը կը մաշի: Ես միայն ուրախ կ՛ըլլամ, եթէ մեր գործընկերները յաջողին եւ մարդաշատ հանրահաւաք ընեն»:


