
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր ուժերու պաշտօնաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին շուրջ համախմբուելու եւ ամէն տեսակի ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու` ջնջելու համար ահաբեկչութիւնը ընդգրկող եւ քաջալերող բոլոր միջավայրերուն նշոյլը:
Մուքպել հաստատեց, որ ահաբեկչական խմբաւորումներուն վտանգը մեծ է, իսկ ներկայ հանգրուանը` զգայուն»:
Միւս կողմէ, Մուքպել երէկ առաւօտեան այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:


