ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Փենթակոնի` Անվտանգութեան մարզին մէջ համագործակցութեան հարցերով գործակալութիւնը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը համաձայնութիւն տուած է Սէուտական Արաբիոյ «Փաթրիոթ» հակաօդային համակարգերուն համար զինուորական սարքաւորումներու մատակարարման:
Այս ստորաբաժանումը պատասխանատու է արտասահման միջկառավարական համաձայնագիրներով զինուորական սարքերու եւ զինամթերքի մատակարարման, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու զինեալ ուժերուն միջեւ կապերու խթանման, Ուաշինկթընի օտարերկրեայ գործընկերներուն զինուորական մարզին մէջ նիւթական եւ թեքնիք աջակցութեան տրամադրման:
Ինչպէս յստակացուցած է գործակալութիւնը` խօսքը կը վերաբերի Ռիատի այդ համակարգերուն համար 202 հրթիռի, ինչպէս նաեւ արդիականացման համար անհրաժեշտ սարքաւորումներու հաւանական վաճառքին մասին: Գործակալութեան տուեալներով` համաձայնագիրին ընդհանուր գումարը 1,75 միլիառ տոլար է:
«Առաջարկուող գործարքը պիտի չփոխէ շրջանին մէջ ուժերու հիմնական զինուորական հաւասարակշռութիւնը», յայտարարած է գործակալութիւնը:
Ամերիկեան օրէնսդրութեան համաձայն, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը երեսուն օր ունի Սէուտական Արաբիոյ հետ նոր համաձայնագիրը ուսումնասիրելու կամ զայն կասեցնելու համար:


