Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Կը Քննարկէ Սուրիոյ Մէջ Թրքական Բանակին Ուժ Օգտագործել Արտօնող Բանաձեւը

October 1, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0930_TurkeyԹուրքիոյ կառավարութիւնը երէկ խորհրդարանին ներկայացուց բանաձեւ մը, որ բանակին կ՛արտօնէ Սուրիոյ մէջ ուժ օգտագործել եւ մաս կազմել ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միջազգային դաշինքին:

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած էր, որ երեսփոխանները կրնան «առաջարկներուն» ծանօթանալ եւ զանոնք քննարկել հինգշաբթի օր նախատեսուած հրապարակային նիստին ընթացքին:

Բանաձեւը թրքական բանակին կ՛արտօնէ Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններ կատարել եւ հիւսիսային Իրաքի մէջ միջամտել:

Թրքական բանակը արդէն 15 հրասայլեր տեղակայած է սուրիական սահմանին մօտ եւ Այն Արապի (Քոպանի) հիւսիս-արեւմուտքը եղող զօրակայանի մը մէջ գտնուող հրետանիի փողերը ուղղած դէպի սուրիական հողամասեր:

Թրքական պատասխանատու աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ թրքական հրասայլերը որեւէ պահու կրնան մուտք գործել սուրիական հողամասեր` պաշտպանելու համար թուրք քաղաքացիները, եթէ թրքական հողերուն վրայ հրթիռներ շարունակեն իյնալ:

Մինչ այդ, Քոպանիի մէջ ինքնավար վարչութեան արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատուի տեղակալ Իտրիս Նահսան օրաթերթին յայտնեց, որ եթէ ՏԱՀԵՇ յաջողի Քոպանի մուտք գործել, ապա քաղաքին մէջ ջարդ տեղի պիտի ունենայ:

«Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ թրքական իշխանութիւնները ապահովական պատճառներով գաղթականներուն դիմաց փակած են Քոպանիի մօտ գտնուող սահմանը: Աւելի ուշ «Մայատին» հաղորդեց, որ Քոպանիի մօտ Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ ականուած ինքնաշարժ մը պայթած է:

«Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ թրքական զինուորական ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործած է` արգելք հանդիսանալու համար, որ հարիւրաւոր քիւրտեր իրենց ազգակիցներուն օգնութեան հասնելու համար մուտք գործեն Սուրիա:

Միւս կողմէ, ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ ուաշինկթընեան ոչ կառավարական Ռազմավարական եւ պիւտճէական գնահատումներու կեդրոնի Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու զինուորական արշաւին շուրջ զեկուցումին համաձայն, ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ամերիկեան զինուորական գործողութիւնները տարեկան 4,2-6,8 միլիառ տոլարի կամ 13-22 միլիառ տոլարի ծախս պիտի պահանջեն: Հեղինակները առաջին պարագային նկատի ունեցած են հինգ հազար ամերիկացի զինուորներու օգտագործման դիպաշարը, իսկ երկրորդին պարագային` 25 հազար զինուորներու:

Իրաքի Քիւրտերը ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերուն Դէմ
Յարձակում Շղթայազերծած Են

0930_Peshmerga«Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ հիւսիսային Իրաքի քրտական զօրքերը 30 սեպտեմբերին Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ լայն տարողութեամբ յարձակում մը շղթայազերծած են:

ՏՓԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով քրտական հրամանատարութեան ներկայացուցիչները, կը հաղորդէ, որ յարձակումը շղթայազերծուած է երեք առանցքներու վրայ:

Արդէն ազատագրուած է չորս գիւղ, որոնցմէ երկուքը կը գտնուին Սուրիոյ հետ սահմանին մօտ, իսկ մնացեալ երկուքը` Քերքուք քաղաքէն հարաւ: Բախումներ տեղի կ՛ունենան նաեւ Մուսուլի մօտ:

Փեշմերկաները օգնութիւն կը ստանան քանի մը արեւմտեան պետութիւններէ, որոնք մասնաւորաբար զէնք եւ զինամթերք կը մատակարարեն: Քիւրտերու յարձակումին նախօրեակին ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն վրայ յարձակումներ գործած էր նաեւ ամերիկեան օդուժը: Ուաշինկթընին աջակցութիւն կը ցուցաբերեն շարք մը եւրոպական եւ արաբական պետութիւններ, որոնց պատերազմական օդանաւերը կը մասնակցին ռմբակոծումներուն:

Դաշնակից ուժերու ռմբաձիգները երէկ եւս ռմբակոծեցին Սուրիոյ սահմանին մօտ եւ Անպարի արեւմուտքը գտնուող Քահեմի հիւսիս-արեւելքը գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը:

Միւս կողմէ, ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Անպար նահանգին մէջ պաշարած են իրաքեան բանակի 6 ստորաբաժանումներ եւ կը սպառնան 600 զինուորներու կեանքին:

Նախորդը

Աստրախանի Մէջ Ստորագրուեցան Կասպից Ծովու Վերաբերեալ Երեք Համաձայնագիրներ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.