Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրք Մտաւորականներ Եւ Ակադեմականներ Կը Պահանջեն Դպրոցներու Դասագիրքերը Հաւաքել Ու Հայ Աշակերտներէն Ներում Հայցել

September 29, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0928_Turkish-books«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ շուրջ 90 թուրք մտաւորականներ, արուեստագէտներ ու ակադեմականներ ստորագրած են հաղորդագրութիւն մը` պահանջելով Թուրքիոյ դպրոցներուն մէջ գործածուած ու հայերու կամ այլ ազգերու դէմ ատելութիւն սերմանող դասագիրքերը հաւաքել եւ հայ աշակերտներէն ներում հայցել` անոնց մէջ հայերուն դէմ գրուած սուտերուն եւ ատելավառ տեղեկութիւններուն համար: «Այս գիրքերը պէտք է հաւաքուին: Երբ մուտք կը գործենք 2015, ա՛յս է դէպի հաշտութիւն ու խաղաղութիւն տանող ճամբան», ըսած են անոնք:

Ստորագրող մտաւորականներէն մէկն է Թաներ Աքչամ, որ արդէն այս հարցը օրակարգի վրայ բերած էր չորս յօդուածներով: Ան ըսած է. «Մեր մտաւորականներուն այս ելոյթը մեզի կը յիշեցնէ, թէ որքա՛ն անհրաժեշտ է պատրաստել դասագիրքեր, որոնք ազգային կամ կրօնական հաւաքականութիւններու միջեւ պիտի քաջալերեն ո՛չ թէ թշնամութեան ու ատելութեան զգացումները, այլ պիտի հրահրեն միասնաբար եւ բարեկամաբար ապրելու փափաքը, որոնք (դասագիրքերը. «Ա.») պիտի խօսին ո՛չ թէ սուտերու մասին, այլ պիտի պատմեն ճշմարտութիւնները: Պատմութեան նկատմամբ պարկեշտ ըլլալը նախապայման է բարեկամութեան ու հաշտութեան համար: Կը սիրեմ յուսալ, որ ստորագրութեան այս արշաւը կ՛ընդունուի իբրեւ հասարակաց ճիչ մը` ի նպաստ այն նոր դասագիրքերուն, որոնց կարօտ ունինք»:

Հաղորդագրութիւնը ստորագրողներուն շարքին են Ատալեթ Աղաօղլու, Ահմետ Ալթան, Ահմետ Հաքան, Ահմետ Ինսել, Այշէ Կիւնայսու, Այշէ Հիւր, Պասքըն Օրան, Ճենկիզ Աքթար, Տարօն Աճեմօղլու, Տենկիր Միր Մեհմետ Ֆուատ, Տենիզ Թիւրքալի, Ֆերհատ Քենթել, Հատի Ուլուէնկին, Հալիլ Պերքթայ, Հասան Ճեմալ, Իսմեթ Պերքան, Մեհմետ Ալթան, Մուրատ Պելկէ, Օրալ Չալըշլար, Օրհան Փամուք, Օյա Պայտար, Էօմեր Լաչիներ, Փերիհան Մաղտեն, Ռոնի Մարկուլիէս, Սելիմ Տերինկիլ, Շահին Ալփայ, Շանար Եուրտաթափան, Թաներ Աքչամ, Ուֆաք Ուրաս, Վետաթ Թիւրքալի, Եասեմին Չոնկար եւ Եաւուզ Պայտար:

Նախորդը

Մամետեարով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի Ընթացքին Անդրադարձած Է Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրին

Յաջորդը

Արցախ. Նախագահ Սահակեան Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանը Պարգեւատրեց «Ոսկիէ Արծիւ» Շքանշանով

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.