
Վարչապետ Թամմամ Սալամ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին այսօր պիտի արտասանէ Լիբանանի խօսքը:
Միւս կողմէ, Նիւ Եորքի մէջ երէկուան իր հանդիպումներուն շրջագիծին մէջ վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Փիեթրօ Փարոլինի հետ` ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Նաուաֆ Սալամի եւ լիբանանեան ու վատիկանեան պատուիրակութիւններուն:
Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Յայտնենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Նշենք, որ Մուսթաքպալ հոսանքին համաձայն, վարչապետ Սալամ նախանցեալ օր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին վերջինէս պահանջած է օժանդակել Լիբանանին` առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու առումով:


