Հայաստանի Հանրապետութեան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն կատարած իր այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցաւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ վարչապետ Արա Յարութիւնեանի հետ:
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան մարզական աշխարհին մէջ հայկական երկու հանրապետութիւններու փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող հարցեր` ուշադրութիւն դարձնելով երիտասարդներուն մօտ մարզական յառաջխաղացք արձանագրելու կարելիութիւններուն:
Նախարար Ղազարեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանի հետ իր հանդիպումին ընթացքին քննարկեց Արցախի մէջ մարզական կեանքին վերաբերող հարցերը:
Կողմերը ընդգծեցին իրենց պատրաստակամութիւնը` շարունակելու եւ խորացնելու այժմու համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ քննարկեցին շարք մը ծրագիրներ եւ ձեռք ձգեցին անոնց իրագործման վերաբերեալ նախնական համաձայնութիւններ:
Նախարար Ղազարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր մարզական-պետական կոմիտէի ղեկավարութեան հետ այցելեց Արցախի պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկուն եւ ծաղիկներ զետեղեց Վազգէն Սարգսեանի յուշարձանին:


