Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Եւ Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Նիւ Եորքի Մէջ

September 24, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սալամ եւ Քի Մուն
Սալամ եւ Քի Մուն

Վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ անոր ընկերակցող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը երէկ հասաւ Նիւ Եորք` մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի 69-րդ Ընդհանուր ժողովին:

Այս շրջագիծին մէջ, վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ` ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, շրջանին մէջ Քի Մունի անձնական ներկայացուցիչ Թերի Ռոտ Լարսընի եւ լիբանանեան ու ՄԱԿ-ի պաշտօնական պատուիրակութիւններուն:

Վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսի հետ:

Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Սալամ եւ Սիսի
Սալամ եւ Սիսի

Կէս ժամ տեւած հանդիպումի մը ընթացքին, վարչապետ Սալամ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Վարչապետ Սալամ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Յորդանանի Ապտալլա թագաւորին, Իրաքի նախագահ Ֆուատ Մաասումի եւ արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարիի, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտի եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի հետ:

Միւս կողմէ, «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ լիբանանցի բանակայինները թիրախ դարձնելու արարքները զիրենք աւելի վճռակամ կը դարձնեն` ընդգծելով, որ բանակցութիւններուն սկսելէ առաջ իրենք ահաբեկչական խմբաւորումներէն պահանջած են սպանութեան վերջ տալ:

Վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդուած է եւ տարակարծութիւնները շրջանցուած են, որպէսզի իրենք մնան միասնական եւ պայքարին ահաբեկչութեան դէմ:

«Ծայրայեղական զինեալները ոչ միայն լիբանանեան բանակը թիրախ կը դարձնեն, այլեւ` լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը` ներքին պառակտումներ եւ սադրանքներ հրահրելով», ըսաւ ան:

Վարչապետը ընդգծեց, որ ահաբեկչութեան վտանգը ամբողջ շրջանին մէջ տարածուած է եւ ոչ միայն Լիբանանի` աւելցնելով, որ իրենք կարիքը ունին բոլորին օժանդակութեան եւ զօրակցութեան:

Ներքին լիբանանեան առումով վարչապետ Սալամ շեշտեց հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ այս հանգրուանին կը տիրէ դժուար կացութիւն եւ թէ քաղաքական ուժերը պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնեն ելք մը գտնելու նպատակով:

Կը նախատեսուի, որ վարչապետ Սալամ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին Լիբանանի պաշտօնական խօսքը արտասանէ ուրբաթ, 26 սեպտեմբերին:

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Եւ Շէյխ Նայիմ Հասան Շնորհաւորեցին Հանրապետութեան Միւֆթին

Յաջորդը

Պըրրի Նախագահական Ընտրութեան Նիստը Յետաձգեց 9 Հոկտեմբերին

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.