Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հրահանգով երէկ նշուեցաւ, որ պիտի կազմուի լեռնային մարտերու ջոկատ մը, որ մեծաւ մասամբ պիտի բաղկանայ լիբանանեան բանակին մասնայատուկ ուժերէն:
Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան լիբանանեան բանակի զինուոր Մոհամետ Խալետ Հիւսէյն, որ կը հսկէր Պըտտաուիի մէջ գտնուող բանակին անցարգելին սպաննուեցաւ անծանօթի մը փամփուշտով:
Երէկ յետմիջօրէին, Աքքարի մէջ Մոհամետ Խալետ Հիւսէյնի մարմինը յանձնուեցաւ հողին:
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ներկայացուցիչ գնդապետ Հասան Հասան իր արտասանած դամբանականին մէջ շեշտեց, որ ի՛նչ ալ ըլլան Լիբանանի սպառնացող վտանգները, բանակը որոշած է փրկել երկիրը:


