«Իզվեսթիա» կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ Լուկանսք եւ Տոնեցք շրջաններէն ետք` Քիեւէն ինքնավարութիւն կը պահանջէ նաեւ Օտեսան:
Ըստ աղբիւրին, Օտեսայի քաղաքային խորհուրդի խումբ մը երեսփոխաններ համապատասխան նախաձեռնութեան սկսած են. յաջորդ շաբաթ անոնք իրենց օրինագիծը պիտի ներկայացնեն Ուքրանիոյ խորհրդարանին եւ նախարարաց խորհուրդին:
Օրէնքին նախագիծով կը պահանջուի Օտեսա քաղաքին եւ Օտեսա շրջանին տալ յատուկ կարգավիճակ: Օրէնքին մէջ կ՛ըսուի, որ տեղւոյն ինքնակառավարման մարմինները իրենք պէտք է ընտրեն կրթութեան ոլորտի եւ պետական կառավարման լեզուն, որոշեն Օտեսա քաղաքի տնտեսական քաղաքականութիւնը, ստեղծեն ու վերահսկեն ոստիկանութեան աշխատանքը:
Երեսփոխանները յիշած են, որ ռուսական կայսրութեան ժամանակաշրջանին Օտեսան յատուկ տնտեսական գօտիի կարգավիճակ ունեցած է:


