Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յունաստան Երրորդ Երկիրն Է, Որ Կը Քրէականացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը

September 24, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Մինչ Թուրքիան ճնշում կը գործադրէր Ֆրանսայի նախագահին վրայ` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին չաջակցելու համար, այժմ ստիպուած է պայքարելու այլ երկրի մը` Յունաստանի դէմ, որ քանի մը օր առաջ օրէնք ընդունեց` անօրինական համարելով ցեղասպանութիւններու, ներառեալ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը: Յունաստան երրորդ երկիրն է Եւրոպայի մէջ` Զուիցերիայէն եւ Սլովաքիայէն ետք, որ նման օրէնք կ՛ընդունի: Զուիցերիական օրէնքը, սակայն, կը քննուի Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ (ՄԻԵԴ)` թուրք ամբաստանեալին խօսքի ազատութեան խախտման համար:

Ֆրանսայի խորհրդարանը (2011) եւ ծերակոյտը (2012) ընդունած են Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նմանատիպ օրէնք մը, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանը չեղեալ համարեց: Մերժուած օրէնքին փոխարէն` ֆրանսացի երեսփոխան Վալերի Պուայէ անցեալ շաբաթ նոր օրինագիծ մը ներկայացուց խորհրդարանին: Նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ նոյնպէս խոստացած է աջակցիլ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման օրէնքին: Հակառակ Եւրոպայի մէջ նման օրէնքներու վերաբերեալ իրաւական անորոշութեան` Յունաստանի խորհրդարանը սեպտեմբեր 9-ին, ձայներու 54 կողմ եւ 42 դէմ յարաբերակցութեամբ, այլատեացութեան դէմ քրէական օրէնք ընդունեց` պայքարելով խտրականութեան, այլատեացութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ` անօրինական դարձնելով ժխտումը Հրէական ողջակիզման եւ միւս ցեղասպանութիւններուն, որոնք ճանչցուած են միջազգային դատարաններու կամ Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ, այսինքն` Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութիւնը, Փոքր Ասիոյ յոյներու ցեղասպանութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս օրէնքը խախտողները կրնան տուգանքի ենթարկուիլ մինչեւ 30 հազար եւրոյի չափով եւ ազատազրկուիլ մինչեւ երեք տարի ժամկէտով:

Յունաստանի օրէնքը կը բխի Եւրոմիութեան 2008 թուականի «Ցեղապաշտութեան եւ այլատեացութեան դէմ պայքարի շրջանակային որոշում»-էն, որ կոչ կ՛ընէ Եւրոմիութեան պետութիւններուն օրէնքներ ընդունելու` ցեղապաշտութիւնը, այլատեացութիւնը, ցեղասպանութեան ժխտումը, մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւնները եւ ռազմական յանցագործութիւնները պատժելու համար:

Անակնկալի գալով` թուրք պաշտօնեաները եւ ազրպէյճանցի քարոզիչները հակասական յայտարարութիւններ կատարեցին յունական օրէնքին վերաբերեալ: Նախ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց յունական օրէնքը` պնդելով, թէ` «անիկա կը հակասէ ժողովրդավարական սկզբունքներուն եւ խօսքի ազատութեան»: Սակայն շուտով արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակասեց ինքզինք եւ յոյս յայտնեց, որ յունական նոր օրէնքը օգնէ պաշտպանելու Յունաստան ապրող թուրքերու իրաւունքները…

Պէտք է նշել, որ Յունաստանը այս օրէնքը ընդունեց, հակառակ անոր որ սեպտեմբեր 5-ին Ուելզի մէջ կայացած ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին, նախագահ Էրտողան զգուշացուցած էր Յունաստանի վարչապետ Անտոնիս Սամարասը, որ վճռականօրէն պատասխանած էր Թուրքիոյ նախագահին, թէ յունական օրէնքը չի հակասեր միջազգային օրէնքին… Նմանապէս, Էրտողան նախազգուշացուցած էր Ֆրանսայի նախագահը, թէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ որեւէ նոր օրէնքի ընդունում պիտի բարդացնէ իրենց երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները:

Ազրպէյճանցի մեկնաբանները նոյնպէս իրերամերժ պնդումներ կատարեցին, հակառակ անոր որ յունական օրէնքը որեւէ կերպ չ՛առնչուիր Ազրպէյճանի հետ: Ազրպէյճանցի գրող մը անգամ մը պնդած էր, թէ յունական օրէնքը չէ յիշատակած Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ թէ Յունաստանի խորհրդարանը երբե՛ք չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Բնականաբար այս երկու պնդումները ամբողջութեամբ սուտ են: Ակնյայտ է, որ այս ազրպէյճանցի գրողը կը ձեւացնէ, թէ չի գիտեր, որ Յունաստանի խորհրդարանը 1996-ի ապրիլ 25-ին ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ 1996-ի յուլիս 10-ին, նախագահ Կոնստանդինոս Սթեֆանոփուլոսը հրամանագիր ստորագրած է` ապրիլ 24-ը սահմանելով «Թուրքիոյ կողմէ` հայերու ցեղասպանութեան յիշատակի օր»:

Միւս ազրպէյճանցին` Վ. Սէյիտով, ոչ միայն ընդունած է, որ յունական օրէնքը կ՛ընդգրկէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլեւ աւելցուցած է, թէ յունական ոստիկանութիւնը չի համարձակիր ձերբակալել զինք, երբ ան, ինչպէս ծրագրած է, Աթէնքի մէջ յայտարարէ, որ` «Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն չէ»… Եթէ Սէյիտով համարձակի իրականացնել իր սուտը, ապա կը մնայ տեսնել, թէ ինչպէս ան կա՛մ պիտի յայտնուի յունական բանտի մէջ, կա՛մ «հերոս» պիտի հռչակուի ժխտողական քաղաքականութիւն վարող Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ` ՄԻԵԴ-ի վերջնական վճիռին համաձայն:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը եւ խորհրդարանը բարձր գնահատած են Յունաստանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման օրէնքի ընդունումը: Սակայն ճիշդ ժամանակն է, որ Հայաստանի Ազգային ժողովը պաշտօնապէս ճանչնայ յոյներու ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան օրօք: Նախապէս այս ուղղութեամբ ջանքերը անյայտ եւ անհասկնալի պատճառներով մերժուեցան Հայաստանի կառավարութեան կողմէ…

Սեպտեմբեր 22-ին նախատեսուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հանդիպումը Յունաստանի վարչապետ Սամարասի հետ, Աթէնքի մէջ. հանդիպման ընթացքին կ՛ակնկալուի, որ վեհափառը իր երախտագիտութիւնը յայտնէ Յունաստանի կառավարութեան` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման դէմ օրէնքի ընդունման համար:

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրէին` շատ նպաստաւոր պիտի ըլլայ, եթէ ՄԻԵԴ-ը չեղեալ համարէ զուիցերիական օրէնքին վերաբերեալ նախապէս կայացուցած իր վճիռը, իսկ եթէ Ֆրանսան Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրէնք մը ընդունի, ապա ճանապարհ պիտի հարթէ այլ եւրոպական երկիրներու համար` հետեւելու իր օրինակին:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

 

Նախորդը

Հայ Եկեղեցու Առաջնորդները` 100-Ամեակին Ընդառաջ. Արամ Ա.-ը Թուրքիայից Պահանջում Է Վերադարձնել Սիսի Կաթողիկոսարանը

Յաջորդը

Աստուած Օրհնէ Կրթական Այս Նոր Տարեշրջանը Եւ Յառաջիկային Համար Մեզ Դարձնէ Աւելի Լաւատես, Յարատեւ Եւ Վստահ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.