Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (23 Սեպտեմբեր 1964)

September 23, 2014
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ի Բերանոյ Քումմէ

Թուրք Թերթի Մը
Խոստովանութիւնները

«Տարուէ Տարի Ետ Կ՛երթանք, Փերիշան Վիճակի
Մատնուած Է Մեր Կրթական Գործը…»

Վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, թէ 1955-ին երկրին մէջ գրել-կարդալ գիտցողներու համեմատութիւնը 41 առ հարիւր էր, իսկ 1960-ին`  իջած է 39 առ հարիւրի: Մնաց որ, այս համեմատութիւնը վաւերական թուանշան մը չէ, եւ ճշդիւ չենք գիտեր, թէ երկրին մէջ գրել-կարդալ գիտցողներու համագումարը որքա՛ն է: Գիւղական վարժարանը աւարտող եւ վկայական առնող տղան երկու-երեք տարի վերջ գիրք մը ձեռք կ՛առնէ՞ արդեօք, բան մը կը գրէ՞:

Թողունք գրել-կարդալու պարագան, առնենք միջնակարգ վարժարաններու մէջ տրուած կրթութիւնը: Ուսուցչական միութեանց հրատարակած ցուցակագրութեան համաձայն, երկրին բնակչութեան 30 առ հարիւրը միայն կ՛օգտուի միջին կրթութենէն: Ասկէ զատ, աշակերտութեան յաճախած վարժարանները իսկական լիսէներ եւ միջնակարգ վարժարաններ չեն, դասատուները պատահաբար գտնուած անձեր են: Օրինակ, առողջապահական պաշտօնեան բնական պատմութիւն կ՛ուսուցանէ, ելեւմտական պաշտօնեային կը վստահին ուսողութեան դասը` խորհելով որ հաշիւէ կրնայ հասկնալ, նոյնիսկ դասերուն մէկ մասը կ՛անցնի առանց դասատուի, եւ տարեվերջին աշակերտը թոմպալա խաղալու պէս քննութեան հարցումը կը քաշէ` կա՛մ կարգը կ՛անցնի եւ կա՛մ վերաքննութեան կը մնայ եւ կա՛մ կարգը կը  կրկնէ:

Իրականութեան մէջ այս վարժարաններու աշակերտութիւնը բախտին եւ դիպուածին ձգուած է, եւ որեւէ տարբերութիւն չկայ կարգը անցնողներուն եւ կրկնողներուն միջեւ: Եւ կամ թէ շատ ճղճիմ է տարբերութիւնը: Եթէ քննենք Անատոլուի լիսէները աւարտող եւ համալսարանի քննութեանց մասնակցող տղոց ստացած նիշերը, պիտի ըմբռնենք որոշապէս, թէ ի՛նչ խեղճուկրակ, փերիշան վիճակի մը մատնուած է միջնակարգի ուսուցումը երկրին մէջ:

Թողունք Անատոլուն, Անգարայի, Պոլսոյ ամենածանօթ միջնակարգ վարժարաններէն հասած տղաքը յաջողութեան տեղ ամէն տարի քիչ մը եւս ետ կ՛երթան, եւ մասնաւոր վարժարաններն են, որ կը փոխարինեն այդ դպրոցները:

Հիմա ալ տարբեր ժխոր մը բարձրացած է` պարտքով դասարան անցնելու աղմուկը: Պիտի ըլլան բնականաբար այս աղմուկները: Յառաջիկայ տարիներուն, աւելի դղրդալից վայնասուններ պիտի լսենք: Այս բոլորը հետեւանքն են պարզապէս մեր կրթական փերիշանութեան, խառնակութեան:

 

Պուրճ Համուտի Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան
Երկրորդական Վարժարանը

Պուրճ Համուտը էր երբեմն ամայի ու անշուք, դարձաւ ովասիս: Իսկ ներկայիս իր բարձրաբերձ կառուցումներով, իր վաճառատուներով, իր արհեստաւորներով, իր գործատուներով, իր վարժարաններու ու եկեղեցիներու ցանցերով եւ քաղաքապետարանով դարձած է Լիբանանի հայութեան սիրտը ներկայացնող շէն ու շքեղ քաղաք մը:

Ահաւասիկ նոր ու փայլուն ապացոյց մը եւս` հայու շինարարական ստեղծագործ տաղանդին: Արդարեւ, ի՜նչ մեծ բախտաւորութիւն, որ Պուրճ Համուտը կ՛օժտուի ազգային երկրորդական վարժարանով մը: Բիւրաւոր աշակերտներ իրենց նախակրթարանային ուսումէն ետք այլեւս պիտի չվարանին ափ առնել վերոյիշեալ դպրոցին դուռը:

Եւ այս դպրոցները, որպէս մէյ մէկ լուսատու փարոս, ու երկնապարգեւ այբուբենը մեր հրաշալի` կոչուած են բոլոր եկած ու գալիք խաւարներու մէջէն մեզ առաջնորդելու դէպի յաւերժութիւն:

Մեծ յոյս ունինք, որ սոյն հայկական քոլեճին խնամակալութիւնը ճիգ պիտի չխնայէ վարժարանը օժտելու ընտիր ուսուցչական կազմով մը, որպէսզի ան արդարացնէ իր վրայ դրուած բոլոր յոյսերը եւ հետզհետէ դառնայ կրթական տիպար հաստատութիւն մը:

Արդէն իսկ վարժարանը շատ գեղեցիկ առաջադրանքներով ճամբայ կ՛ելլէ, որոնցմէ առաջինն ու էականն է` հայ նորահաս սերունդին տալ ազգային տոհմիկ դաստիարակութիւն:

Այս առիթով եւ օտար լեզուներու լաւագոյնս ուսուցման համար անշուշտ նախատեսուած է հիւպատոսարաններու դիմում կատարելու պարագան: Օրինակի համար` Պրիթիշ քանսըլը թերեւս սիրով ու ձրիաբար տրամադրէ կարող ուսուցիչ մը եւ այսպէս` ուրիշներ: Իսկ արաբերէնի համար մեր բարեխնամ կառավարութիւնը վստահ ենք, իր կարելին չի զլանար արդէն:

Արդ, ի սրտէ ողջունելով Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան ազգ. քոլեճին բացումը` սրտագին յաջողութիւններ կը մաղթենք անոր խնամակալ մարմինին եւ ուսուցչական կազմին:

Պատի՛ւ լոյսի այս նորաբաց վառարանի բարերարներուն:

Ա. ԳՐԱՃԵԱՆ

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Վերյիշելով 11 Սեպտեմբեր 2001-ը

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.