Ֆուլհեմի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին գլխաւոր մարզիչ գերմանացի Ֆելիքս Մակաթ պաշտօնազրկուեցաւ` խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Մակաթ նախորդ փետրուարին ստանձնեց Ֆուլհեմի մարզիչի պաշտօնը:
Անոր հետ խումբը Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան կրեց 6 պարտութիւն, մինչ մէկ մրցում աւարտեց հաւասարութեամբ:


