Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` Armchess.am կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 13-19 փետրուար 2015-ին տեղի ունենալիք Ցիւրիխի ճատրակի «Չելընճ» աւանդական մրցաշարքին:
Արոնեանի մրցակիցները պիտի ըլլան կրանտմասթըրներ Վիշվանաթան Անանտ, Ֆապիանօ Քարուանա, Հիքարու Նաքամուրա, Վլատիմիր Քրամնիք եւ Սերկէյ Քարժաքին:


