Ռէալ Մատրիտի պահեստի խումբի գլխաւոր մարզիչ Զինետին Զիտան կրնայ վեց ամիսով որակազրկուիլ, որովհետեւ ան առանց մարզիչի արտօնագիրի կ՛աշխատի, կը յայտնէ «Տէյլի Մէյլ»:
Ֆրանսացի միջազգային նախկին մարզիկ Զինետին Զիտան իր այս պաշտօնին սկսաւ նախորդ օգոստոսին:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, մարզիչներու ազգային ֆետերասիոնը իր բողոքին մէջ նշած է. «Զինետին Զիտան մարզիչի արտօնագիր չունի: Անոր խումբը կը նշէ, որ պահեստի մարզիկներուն գլխաւոր մարզիչը Սերճիօ Սանչեսն է, մինչ Զիտան` անոր օգնականը: Սակայն մենք հակառակը փաստող ապացոյց ունինք»:


