Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ իր կարծիքով, Միացեալ Նահանգներու առաջնորդած ահաբեկչութեան դէմ արշաւին նպատակը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին տապալումը չէ, այլ ՏԱՀԵՇ-ը թիրախ դարձնելը:
Միւս կողմէ, Ժահժահ ցաւ յայտնեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցը կը մնայ անլոյծ. ան աւելցուց, որ այնքան ատեն որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ Հըզպալլա կը մնան նախագահական ընտրութիւնը պոյքոթի ենթարկելու իրենց կեցուածքին վրայ, ապա այս խնդիրը լուծման ոչ մէկ յոյս կրնայ ունենալ:
Ժահժահ վերահաստատեց, որ ինք կը մնայ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն նախագահական թեկնածուն` աւելցնելով, որ կարգ մը միջնորդներու կողմէ առաջադրուած այն նախաձեռնութիւնը, որ զօր. Աուն դառնայ երկու տարուան փոխանցման շրջանի հանրապետութեան նախագահ, մերժելի է:


