Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Սեպտեմբեր 1964)

September 20, 2014
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մուսա Լերան Հերոսամարտին Տարեդարձը

Բազմահազար Ժողովուրդ Եւ Բացառիկ
Խանդավառութիւն Այնճարի Ծառաստաններուն Մէջ

Մուսա Լերան հերոսամարտի տարեդարձը երէկ շքեղօրէն տօնուեցաւ Այնճարի զովասուն ծառաստանին մէջ, անհամար բազմութեան մը ներկայութեան, ու ինչ որ գնահատելի երեւոյթ մը կը հանդիսանայ` կատարեալ կարգապահութեամբ եւ խանդավառութեամբ:

Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի թեմի առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան, որ պատարագ մատուցեց եւ խօսեցաւ իմաստալից քարոզ մը` վեր առնելով հայ ժողովուրդի անմահութեան գաղափարը եւ ըմբոստ ոգին: Ներկայ էին` պետական երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեան, Սուրէն Խանամիրմեան եւ Անտրէ թապուրեան, շրջանի ազգային երեսփոխանները` Բիւզանդ Թիւթիւնճեան եւ Գէորգ Էմմիեան, կուսակցական ղեկավար ընկերներ ու երեւելի ազգայիններ, որոնք հիւրն էին Այնճարի ազգային եւ կուսակցական մարմիններուն:

Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, Պերճ Մսըրլեան խօսեցաւ գեղեցիկ ճառ մը` վեր առնելով հայ ժողովուրդի բարոյական արժէքները, ազատատենչ ու ըմբոստ ոգին ու ոգեկոչելով Մուսա Լերան հերոսամարտին ինկած նահատակներուն յիշատակը:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ աւանդական հերիսայի օրհնութիւնը, որմէ ետք ժողովուրդը բոլորուեցաւ սեղաններու շուրջ:

Մինչ մէկ կողմէ կերուխումը տեղի կ՛ունենար, բեմին վրայ, մուսատաղցի պարմանիներ ու պարմանուհիներ հրամցուցին հայկական պարեր ու երգեր` բացառիկ գեղեցկութեամբ:

Պատուոյ սեղանին վրայ, բոլորուած սրբազան հօր շուրջ, հիւրերը խանդավառութեամբ հետեւեցան տաւուլ-զուռնայի անզուգական նուագին, այլ մանաւանդ` սուէտական պարերուն, յաճախ իրենք եւս մասնակից ըլլալով անոնց:

Յաջորդաբար խօսք առին` Մովսէս Տէր Գալուստեան, որ իր բաժակաճառի ընթացքին յուզիչ դրուագներ յիշեց քառասնօրեայ ապստամբութենէն, Պերճ Մսըրլեան, որ շեշտեց ապստամբութեան ղեկավարներուն անձնազոհութիւնը` իբրեւ մղիչ ուժը հերոսամարտին, տոքթ. Եղիկ Գոնեալեան, որ պանծացուց ՀՅ դաշնակցութիւնը` իբրեւ կազմակերպիչը ապստամբութեան, Կարօ Սասունի, որ խոր հաւատքով արտայայտուեցաւ հայ ժողովուրդի լուսաւոր ապագային մասին, ու ի վերջոյ` սրբազան հայրը, որ դրուատեց լիբանանցի ազնիւ ժողովուրդն ու անոր իմաստուն ղեկավարները:

Հիւրերը ապա գացին «Յառաջ» ազգային վարժարանին կողմէ կազմակերպուած քերմեսը, որ այս տարի աննախընթաց երեւոյթ մըն էր Այնճարի համար եւ ունեցաւ գնահատելի յաջողութիւն:

Ժողովուրդը մինչեւ իրիկուն մնաց Այնճարի ծառաստաններուն մէջ` նոյն խանդավառութեամբ եւ կարգապահութեամբ, անմոռանալի օր մը ապրած ըլլալու խոր գոհունակութեամբ:

 

Կերտենք Խորա՛նը Լուսոյ

      Եկայք շինեսցուք սուրբ զխորանն լուսոյ

Այսօր 15 սեպտեմբեր 1964:

Հեռագիրները կ՛աւետեն հանդիսաւոր բացումը ամերիկահայ առաջին հայ բարձրագոյն վարժարանին:

Լոս Անճելըս Սան Ֆեռնանտօ Հովիտի Սուրբ Նահատակաց եկեղեցւոյ կողքին Սուրբ Նահատակաց հայ բարձրագոյն վարժարան…

Լա՛ւ իմացէք ու ցնծացէք…

Ամերիկայի մէջ հայ բարձրագոյն վարժարան` ճշմարտապէս եւ ոչ կարծեօք:

Քոլոմպոսի գտած երբեմնի նոր աշխարհը, դարձած այսօրուան աշխարհի ուշադրութեան կեդրոններէն մին, իր բազմատեսակ նուաճումներով, վերջապէս կ՛ունենայ իր հայ գաղութի նոր դպրոցը` քսան աշակերտներով… որոնք դուռերը պիտի բանան ապագայ քսան հայ դպրոցներու, նոյն հողամասին վրայ ծլած ու ծաղկած հայ նոր սերունդներուն, որոնց պատկանած ազգութեան ազնուազարմ նկարագրին ու դիմագծին հարազատ մնալուն կողմնակից են աշխարհի մէջ տարածուած բոլոր հայորդիները…

Ամէն օր իր արշալոյսը ունի ու ամէն դար իր դարագլուխը ու ամէն գործ` իր սկիզբը: Ովկիանոսներէն ու աշխարհներէն անդին գիտնալ ու գտնել գործն է բոլոր տեսակի Քոլոմպոսներու… Թովմասներու ճամբան հարթուած պէտք է ըլլայ վաղուց… ու կեանքը շարունակուած է ու գեղեցկացած հարթողներով ու յաղթողներով:

Այսօր Ամերիկեան հորիզոններու տակ հայ ժողովուրդը չի կրնար անապահով կեանք մը ունենալ, երբ մանաւանդ այդ երկրին մէջ ազատ քաղաքացիի ամէն իրաւունք վերապահուած է իրեն: Լոս Անճելըսն ու Մոսկուան հայ հողէն շատ հեռու ըլլալով` հայ մարդուն անձնասպանութիւն կամ ազգասպանութիւն չեն պարտադրեր: Կեանքի ծովուն մէջ ամէն լողացող իր ապրումին համար կը շարժի, եթէ մենք խոհեմ ու իմաստուն չենք շարժիր ու զանազան փուճ հաշիւներու զոհ կ՛երթանք, ուրիշներ ի՛նչ յանցանք ունին: Մեր մտածումներն ու նպատակները արեւի նման պիտի կարողանանք շողարձակել ու թափանցել մեր կեանքի ճանապարհի բոլոր երեւոյթներուն…

Հիմա կը յիշեմ փետրուարի այն ցուրտ օրը` կիրակի, Անթիլիասի մայր տաճարի գաւիթին` համայն հայ ժողովուրդը իր սուգի ու արցունքի շարականը կը համասփռէր աշխարհին` իր սիրեցեալ Զարեհ վեհափառը յանձնելով հողին ու յաւիտենականութեան, տխրութեամբը երկնքին ու երկրին ու հայ հոգիներուն մահասարսուռ` անձկութեանը մէջ, մեծ կորուստին մխիթարութեան կարօտ մեր սուգը հալածուեցաւ սուգէն ծնած լուսաւոր որոշումէ մը` նայեցայ Գաբրիէլի ու Ռոզի դէմքերուն, արցունքը բան պիտի չաւելցնէր իրենց արտայայտութեան: Զարեհ վեհափառ անժամանակ կեանքէն յաւիտենականութեան կ՛անցնէր ու խորհուրդի պահն էր, քահանայ հայրեր բուռ-բուռ հող կ՛ողբային իր շիրմին, երբ ծէսը խառնուեցաւ կեանքին ու ժողովուրդի արցունքը հողին, շիտակ նայելով Գաբրիէլին` ըսի. «Գաբի՛, բնութեան այս հարուածը առանց հակահարուածի պիտի չձգենք: Ա՛յս կորուստը, ա՛յս սուգը ու ա՛յս օրը ի զուր պէտք չէ անցնի… Մեզի նոր տալիք ունի, վեհափառի սուգէն մեր առնելիքին պիտի ուղեւորուինք, մասնաւորապէս դո՛ւն պիտի ուղեւորուիս: Տարիներու երազդ որուն մասին այնքան խօսած ես «Հայ դպրոց Ամերիկայի մէջ» վերածած նպատակի ամուր վճռականութեամբ հիմա: Այս վայրկեանիս պիտի ուխտես բաց շիրմին վրայ վեհափառին` իրագործել անպայման ու կեանքիդ նպատակը պիտի ընես «Ամերիկահայ դպրոցը»:

Այդ օրէն ամերիկահայ դպրոցի հաւատքին շուրջ հիւսուեցաւ անթառամ ծաղկեփունջ մը` օրհնութեամբը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոսին, ազնիւ աջակցութեամբը եպիսկոպոսաց, վարդապետաց, քահանայից, զոհաբեր գործակցութեամբը զինուորեալ մանկանց ազգիս հայոց…

Լիբանանահայութիւնը իր երէց եղբօր` ամերիկահայութեան ի յարգանս ու ի պատիւ ծաղկեփունջ մը հրամցուց իբրեւ փոքր եղբօր զգացում, այդ ծաղիկներու արմատները արձակուած են հայ լեզուի, դպրութեան ու դպրոցի սեմին, ուր կը ծնի հայ հոգիի փրկութիւնը:

Այսօր Լոս Անճելըսի մէջ բացում` Հայ բարձրագոյն վարժարանի, տնօրէնութեամբ Գաբրիէլ Ինճէճիկեանի:

Հիմա ուրախութիւն է ու ցնծութիւն, ամէն հայու հոգիին: Բացակայ չէ Վռամշապուհ արքան, կ՛ապրի արքայասիրտ հայորդիներու հոգիին մէջ ի սփիւռս աշխարհի, որոնց գործակցութեամբ ամէն երդիք կը դառնայ արքայական ու ամէն շարժում` արքայավայել:

Այսօր ողջ ամերիկահայութեան մէջ շատ են արքայասիրտ հայորդիները, որոնց շնորհիւ պիտի վերակենդանանայ ու աշխարհակալէ մեսրոպաշունչ ոգին… առողջ պիտի մնայ հայաշխարհի ամերիկահայ թեւը` լաւապէս շարունակելու ճանապարհն արդարոց` մինչեւ «Առաւօտն լուսոյ ու արեգակն արդար» ի Հայաստան աշխարհի…

Յ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ

15 սեպտեմբեր 1964

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պահպանենք Այն, Ինչ Որ Գեղեցիկ Է

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.