
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց ուժանիւթի, ելեկտրականութեան եւ ջուրի փոխանակման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ քարիւղի պեղման եւ ջրամբարներու կառուցման վերաբերող հարցեր:


