
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ շարունակեց իր ընտրութեան առիթով շնորհաւորութիւն ընդունիլ:
Միւֆթի Տըրիանի այցելեց կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուքը, որ շնորհաւորեց զայն անոր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ առեւանգուած զինուորներուն թղթածրարը, որուն ծիրին մէջ Մաշնուք հաստատեց, որ անոնց անճիտումը մերժելի է եւ մարդկային որեւէ արժէք չի պարունակեր:
Մաշնուք ընդգծեց լիբանանցի բանակայինները ազատ արձակելու կարեւորութիւնը` խստիւ մերժելով փոխանակումի սկզբունքը:
Հանրապետութեան միւֆթին շնորհաւորեցին նաեւ երեսփոխաններ Ամմար Հուրի, Մոհամետ Հաժժար, Սամիր Ժսըր, Խալետ Զահրաման եւ Մոհամետ Քապպանի, ինչպէս նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս:
Տար Ֆաթուա այցելեց նաեւ յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը, որ յաջողութիւն մաղթեց միւֆթի Տըրիանին` անոր ստանձնած նոր պաշտօնին համար եւ մաղթեց, որ անոր առաքելութիւնը հեզասահ ընթանայ:
Հանրապետութեան միւֆթին շնորհաւորեցին նաեւ Լեռնալիբանանի եւ Թրիփոլիի ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Ժորժ Սալիպա եպիսկոպոսը եւ Պաալպեքի յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Էլիաս Ռահհալ եպիսկոպոսը:


