Երէկ Թաշքենտ – Սոչի – Երեւան թռիչքով Հայաստան վերադարձաւ Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը:
Հայաստանի հաւաքականին դիմաւորելու եկած էին 100-է աւելի համակիրներ, հարազատներ, Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան եւ պաշտօնական այլ հիւրեր:
Գիւմրիի մէջ եւս տօնական մթնոլորտ կը տիրէր երէկ: Արթուր Ալեքսանեան ուսամբարձ ընդունուեցաւ իր ծննդավայրին մէջ:



