Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (18 ՅՈՒԼԻՍ 1961)

July 18, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՐՈՇՄԱԹՈՒՂԹԻ
ՏԱԳՆԱՊ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՍ  ԱՆՀՈԳՈՒԹԻՒՆԸ

Ամիսներէ ի վեր դրոշմաթուղթի տագնապ մը գոյութիւն ունի Լիբանանի նամակատուներուն մէջ: 5, 10, 20, 25, 50 դահեկանոց դրոշմաթուղթերը անհետացած են հրապարակէն եւ դարձած` թանկարժէք հնութիւն մը: Լիբանանեան բազմաթիւ թերթեր եւ հրատարակութիւններ մեծ դժուարութիւններու կ՛ենթարկուին եւ յաճախ կ՛ընդհատեն իրենց առաքումները, դրոշմաթուղթի չգոյութեան պատճառով կատարուած դիմումները կը մնան ապարդիւն:

Շատ տարօրինակ եւ անհաւատալի պիտի թուի այս երեւոյթը, բայց դժբախտաբար իրականութիւն է:

Կրնայ ըմբռնելի ըլլալ կարճ ժամանակի մը համար կարգ մը դրոշմաթուղթերու պակասը: Սխալ նախատեսութեան մը պատճառով կանուխէն ապսպրանքներ չեն կատարուիր, եւ նամակատան արկղներէն կը պակսին մէկ երկու տեսակ դրոշմաթուղթեր: Զարմանալի չէ այս պարագան: Սակայն, երբ ամիսներ կը յաջորդեն իրարու եւ դրոշմաթուղթի տագնապը լուծում չի գտներ, մարդի չի կրնար զարմանալու իր յատկութիւնը կորսնցնել:

Աւելի ծանր գայթակղութիւն մը կը դառնայ այս անըմբռնելի թերացումը, երբ նկատի ունենանք, որ ամէնէն գործածական եւ անհրաժեշտ տեսակներն են, որ կը պակսին` 5-10-50 դահեկաննոց դրոշմաթուղթերը:

Թղթատարական նախարարութիւնը արդեօք հնարաւորութիւններ չունի՞ այդ դրոշմաթուղթերը կարճ  ժամանակի մը ընթացքին պատրաստել տալու, քանի որ բազմաթիւ արդիական տպարաններ կան Լիբանանի մէջ եւ կրնան ամենադժուարին եւ գեղարուեստական հրատարակութիւններ գլուխ հանել: Այդ ձեւով առաջքը կ՛առնուի շարք մը դժուարութիւններու, որոնք յառաջ կու գան պահանջուած դրոշմաթուղթերու պակասին պատճառով:

Ինչպէս ըսինք, թերթերը մասնաւորաբար, մեծ դժուարութիւններու կ՛ենթարկուին դրոշմաթուղթի այս տագնապին պատճառով: Անհրաժեշտ է, որ անմիջական կարգադրութիւն մը ըլլայ` օր առաջ վերջ տալու համար այս դժուարութեանց:

Ինչո՞ւ այս անհոգութիւնը:

ԱՌԿԱՅԾՈՒՄՆԵՐ

  • Քրիստոսի վարդապետութիւնը մերժողը կը նմանի այն չարաճճի մանուկին, որ ոտքով ձեռքով կը հարուածէ զինքը դարմանելու
    տրամադիր բժիշկը:
  • Հոն, ուր խաղաղութիւն կայ` կին չկայ, հոն, ուր կին կայ` խաղաղութիւն չկայ:
  • Արուեստագէտներու մեծամասնութիւնը ճամբայ կ՛ելլէ համաշխարհային համբաւի, ձգտումով եւ առհասարակ կը ստիպուի գոհանալ պարզ թաղի մը մէջ նուաճուած համբաւով:
  • Ամէն ինչ երազով կը սկսի, եւ կը վերջանայ երազով:
  • Կնոջ ճանկը չինկողը դժուար թէ իյնայ` ուրիշի  ճանկին մէջ:
  • Սիրողը կը փնտռէ` նոյնի՛սկ եթէ չգտնէ:
    – Անօթիին մէկն է:
    – Անգամ մը որ օրական երեք հեղ կ՛անօթենանք` ո՞վ անօթի չէ:
  • Կեանքիդ ամփոփումը` երանի՜ ընէի, երանի՜ չընէի:
  • Ի՞նչ աւելի մեծ նուէր մէկուն` քան լա՛ցը:
  • Եթէ կեանքիդ ընկերը սովորականէն աւելի գուրգուրանք ցոյց տայ քեզի, կրնաս վստահ ըլլալ, թէ կա՛մ անհաւատարիմ է եղած, կամ ալ կը պատրաստուի` ըլլալու:
  • Կապիկին նախահայրը մա՛րդն էր:
  • Մարմնով կ՛աճիս մինչեւ չափահասութեան տարիք, սրտով մինչեւ վերջին շունչդ:
    – Ամէնէն սննդադար կերակուրդ` ազատութիւնդ:
    – Պանդուխտ` կէս մեռել:
    – Վիշտը գլխուդ տակն է, բայց գլխուդ թա՛գն է:
  • Հոն ուր սէր չկայ, չի՛ կրնար ազատութիւն գոյութիւն ունենալ:
    – Չե՞ս գիտեր թէ խենթին մէկն է:
    – Գիտեմ, բայց ի՛նք չի գիտեր, ահա թէ ինչո՞ւ դժուար է ապրիլ անոր հետ:
  • Ներուած է` բայց չէ՛ մոռցուած:
  • Արուեստագէտի թիւ մէկ թշնամին ու բարեկամը` կի՛նը:
  • Աստուծմէ վախցողը պէտք չունի վախնալու` մարդոցմէ:
  • Մարդիկ կը սարսափին առանձնութենէն, որովհետեւ ճի՛շդ այդ առանձնութեան մէջ է որ ահաւոր բազմութեան մէջ են:
  • Ծախուածը չի կրնար ախորժիլ չծախուածէն:
  • Երկինք բարձրացող ձեռները պարապ չեն իջներ:

ՍԱՐԳԻՍ ԱՇՃԵԱՆ

Նախորդը

«ՀԱՈՒԸՐՏ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ» ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿԵԴՐՈՆ

Յաջորդը

ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ ՆՈՐ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐ. ՃՇՄԱՐԻՏ ԷՈՒԹԵԱՆ ՓՆՏՌՏՈՒՔ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։